Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սէուտական Արաբիան Ու Իրանը Միջին Արեւելքի Մէջ Հաշտութեան Ալիք Յառաջացուցին» Կ՛ըսէ Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը

August 22, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եի յայտարարեց, որ Սէուտական Արաբիան ու Իրանը իրենց միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնել որոշելնէն ետք Միջին Արեւելքի մէջ հաշտութեան ալիք յառաջացուցած են: Այս մասին հաղորդեց Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Ուանկ իր իրանցի պաշտօնակից Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց. «Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ Փեքինի մէջ կատարուած  երկխօսութենէն ետք, երկու կողմերը շարունակեցին յարաբերութիւններու բարելաւման քայլերը, ինչ որ կը նպաստէ Միջին Արեւելքի մէջ հաշտութեան ալիքի գոյացման»:

Ան յայտնեց, որ Չինաստանը կը գնահատէ այդ ուղղութեամբ Իրանի ճիշդ որոշումը` շեշտելով, որ Փեքին պիտի շարունակէ Միջին Արեւելքի պետութիւններուն աջակցիլ` գտնելու համար զարգացման ուղիներ, որոնք կը պատշաճին անոնց ազգային պայմաններուն` ամրապնդելու համար գործակցութիւնն ու երկխօսութիւնը:

Ապտոլլահեան իր կարգին յայտնեց, որ Իրան մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ Չինաստանի հետ համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան զարգացման` յոյս յայտնելով պահպանել երկու երկիրներուն միջեւ բարձրաստիճան հաղորդակցութիւնը եւ խորացնել Թեհրանի ու Փեքինի միջեւ գործակցութիւնը «Գօտի եւ ճամբայ» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ, ինչպէս նաեւ շրջանային ու միջազգային հարցերու մէջ գործակցութիւնը:

Ապտոլլահեան շնորհակալութիւն յայտնեց Չինաստանին Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթին մէջ անոր միջնորդութեան համար` գովաբանելով այդ առնչութեամբ Փեքինի դերակատարութիւնը:

Յիշեցնենք, որ Սէուտական Արաբիան ու Իրանը մարտին յայտարարած էին, որ համաձայնած են վերականգնել իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւնները: Համաձայնութիւնը գոյացած էր Չինաստանի միջնորդութեամբ:

 

 

Նախորդը

Էրտողան Կը Յուսայ, Որ Փութինի Հետ Պիտի Հանդիպի Սեպտեմբերին

Յաջորդը

Գալիլիոյ Մէջ Իսրայէլացի Բնակեցուած Մը Սպաննուեցաւ Եւ Ուրիշ Մը Վիրաւորուեցաւ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.