Չինաստան եւ Հիւսիսային Քորէա ջնջած են 2020-էն ի վեր երկու երկիրներուն միջեւ առաջին թռիչքները, որոնք նախատեսուած էին երկուշաբթի առաւօտեան: Այս մասին ԹԱՍՍ-ի թղթակիցին տեղեկացուցած է Փեքինի «Շոուտու» միջազ•ային օդակայանի տեղեկատու ծառայութիւնը:
«Փիոնկիանկէն կատարուելիք եւ հակառակ ուղղութեամբ թռիչքները, որոնք նախատեսուած էին այսօր, ջնջուած են», տեղեկացուցած է օդակայանի աշխատակից:
Ան խորհուրդ տուած է հետեւիլ Փեքինէն Հիւսիսային Քորէայ հետա•այ թռիչքներու մասին տեղեկութիւններուն, սակայն չէ նշած թռիչքներու ջնջման պատճառը` խորհուրդ տալով ատոր համար դիմել այն կազմակերպութեան, որ պէտք էր զաոնք կատարէր:


