Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր երեկոյեան ժամը 8:30-ին պիտի արտասանէ ճառ մը` յուլիսեան պատերազմի յաղթանակի 17-ամեակին առիթով:
Սէյիտ Նասրալլա իր ճառին մէջ պիտի անդրադառնայ նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններուն:
Միւս կողմէ, սէյիտ Նասրալլա շաբաթ օր հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործերու եւ պաշտպանութեան խորհրդարանական յանձնախումբի մէկ պատուիրակութեան հետ` նախագահութեամբ յանձնախումբի նախագահ Ժալալ Զատէի եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան, պաղեստինեան եւ շրջանային զարգացումները:
Սէյիտ Նասրալլա ընդունեց նաեւ Պաղեստինեան հողերուն վրայ գործող Իսլամական ժիհատ կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Զիատ Նախալէն եւ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Մոհամետ Հինտին:
Քննարկուեցան պաղեստինեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ արձանագրուած դէպքերն ու Դիմադրութեան առանցքին դէմ ծառացող ներկայ սպառնալիքները:


