Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռաատ. «Ոմանց Իշխանութեան Գալը Կը Մերժենք, Որովհետեւ Անոնց Հետ Վատ Փորձառութիւն Ունեցած Ենք»

August 8, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ կոչ ուղղեց յաւելեալ արթնութեան, ինչպէս նաեւ վտանգներէ զգուշանալու` նկատի ունենալով Լիբանանի վրայ բանեցուած հսկայական ճնշումը` նախագահական ընտրութեան, թէ բոլոր հաստատութիւններուն փուլ գալուն իմաստով:

«Ամերիկացիները պէտք է գիտնան, որ այս երկրին մէջ կան մարդիկ, որոնց չեն կրնար շրջանցել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այս խաղերը կը կազմակերպուին ամերիկեան նախաձեռնութեամբ:

Ռաատ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ ով որ ամերիկացիներուն բարեկամը կը նկատէ ինքզինք, պարզապէս ինքզինք եւ իր շրջանակը խաբած կ՛ըլլայ: «Ամերիկացիները բարեկամներ ունենալու վիճակին մէջ չեն, այլ անոնք կամակատարներ կ՛որոնեն, հետեւաբար ով որ ինքզինք կը նկատէ, որ Միացեալ Նահանգներու բարեկամ դարձած է, ապա ան երազներու մէջ կ՛ապրի, որովհետեւ ան ի վերջոյ ամերիկեան շահեր ապահովելու կամակատարը պիտի ըլլայ», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին` Ռաատ հարց տուաւ, թէ ճշմարտութիւնը ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ բացայայտել, երբ արբանեակային լուսանկարները արգիլուած են լիբանանցի հետաքննիչ դատախազին հասնելէ:

«Մենք պէտք է զանազանենք մեր բարեկամներուն, հակառակորդներուն եւ թշնամիներուն միջեւ: Ճիշդ է, որ նկատի կ՛ունենանք պայմանները եւ զիջումներ կը կատարենք, սակայն ոչ ի գին մեր արժանապատուութեան: Կան մեծ թիւով անձնաւորութիւններ, որոնց վեթոյի չենք ենթարկած, որովհետեւ կը փափաքինք համաձայնութիւններու յանգիլ, բայց եւ այնպէս ոմանց իշխանութեան գալը կը մերժենք, որովհետեւ անոնց հետ վատ փորձառութիւն ունեցած ենք: Անոնք Լիբանանի դէմ Իսրայէլի շղթայազերծած յարձակումին եւ լիբանանցիներուն արժանապատուութիւնը զգետնելու ընթացքին Իսրայէլի կողքին կը գտնուէին: Հետեւաբար մենք գիտենք ճիշդ ի՛նչ կ՛ուզենք, եւ ո՛ւր կ՛ուզենք հասնիլ», հաստատեց ան:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Մաուլաուի. «Նոյնքան Յանձնառու Ենք Լիբանանի Մէջ Գտնուող Արաբներուն Անվտանգութեան, Ինչպէս Լիբանանցիներուն»

RelatedPosts

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզէֆ Աուն Այցելեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզէֆ Աուն Այցելեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 5, 2026
Պասիլ. «Քաղաքական Տարակարծութիւնը  Չի Կրնար Ուրիշներու Զոհողութիւններուն  Եւ Նահատակութեան Նսեմացման Վերածուիլ»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Քաղաքական Տարակարծութիւնը Չի Կրնար Ուրիշներու Զոհողութիւններուն Եւ Նահատակութեան Նսեմացման Վերածուիլ»

October 5, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.