Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Անդամ Քարլոս Սէֆէրեանի Կորուստը

August 8, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը շաբաթ, 5 օգոստոս 2023-ին, խոր կսկիծով գուժեց մահը իր կազմի անդամներէն, Հարաւային Ամերիկայի շրջանէն Քարլոս Սէֆէրեանին:

Քարլոս Սէֆէրեան ծնած է 16 յուլիս 1954-ին, Պուէնոս Այրէս, Արժանթին: Նախակրթութիւնը ստացած է ՀՅԴ Խրիմեան վարժարանը: Փոքր տարիքէն անդամակցած է ՀՄԸՄ-ի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի սկաուտական շարքերուն եւ տարիներու ընթացքին տիրացած է պատասխանատու զանազան պաշտօններու:

1971-ին, ՀՄԸՄ-ի Պուէնոս Այրէսի պատուիրակութեան հետ, Քարլոս Սէֆէրեան մասնակցած է սկաուտական միջազգային 13-րդ Ճամպորիին, Ճափոն: 1978-ին ան մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի վարչութեան: 1981-1984 եղած է մասնաճիւղի «Արարատ» սկաուտական խումբի Խորհուրդի անդամ, իսկ 1984-1988` սկաուտական խումբի խմբապետ: 1986-ին, Քարլոս Սէֆէրեան գլխաւորած է շրջանի սկաուտական պատուիրակութիւնը` Համա-ՀՄԸՄ-ական Բ. բանակումին, Լոնտոն: 1986-1990 մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի վարչութեան:

1988-ին Քարլոս Սէֆէրեան մասնակցած է Համա-ՀՄԸՄ-ական սկաուտական խմբապետական երկրորդ համագումարին, Լոս Անճելըս: 1992-ին, իբրեւ Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի սկաուտական խումբի Խորհուրդի անդամ, ան ստացած է «Wood badge»-ի աստիճան:

ՀՄԸՄ-ական գործունէութեան առընթեր, Քարլոս Սէֆէրեան ունեցած է ազգային-կուսակցական բեղուն ծառայութիւն: Ան մաս կազմած է ՀՅԴ «Արմենիա» երիտասարդական միութեան, որուն շարքերուն մէջ գաղափարական իր կազմաւորումը ստանալէ ետք` ան կատարած է դաշնակցականի իր երդումը եւ նետուած է կուսակցական կեանքի գործադաշտ: Եղած է ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի ներկայացուցիչ, իսկ աւելի ուշ` ՀՅԴ «Զաւարեան» կոմիտէի անդամ: Բազմիցս մաս կազմած է ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի «Ահարոնեան» Կեդրոնական կոմիտէի կազմերուն: Այս տարի ան վերընտրուած է Կեդրոնական կոմիտէի անդամ:

Քարլոս Սէֆէրեան 2008-ին եղած է ՀՅԴ «Արմենիա» մշակութային ընկերակցութեան ատենապետ: Մաս կազմած է «Արմենիա» թերթի եւ ՀՕՄ-ի «Օննիկ Պոտուրեան-Յովհաննէս Տիարպէքիրեան» հանգստեան տան յանձնախումբերուն: ՀՄԸՄ-ի 9-րդ Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին, 2007-ին, ան կ՛ընտրուի ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ` քառամեայ շրջանի մը համար: 10-րդ Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին, 2011-ին, ան կը վերընտրուի քառամեայ երկրորդ շրջանի մը համար:

14 հոկտեմբեր 2019-ին, ՀՄԸՄ-ի 12-րդ Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովի բացման պաշտօնական հանդիսութեան (Երեւան, Հայաստան), ի բացակայութեան, Քարլոս Սէֆէրեան կը պարգեւատրուի միութեան բարձրագոյն` «Արժանեաց» շքանշանով: Շքանշանը կը ստանձնէ զաւակը` Կարօ Սէֆէրեան:

ՀՄԸՄ-ի 12-րդ Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովէն ընտրուած Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արմանտօ Թորգոմեանի անակնկալ մահէն ետք, 26 նոյեմբեր 2021-ին, Քարլոս Սէֆէրեան կը նշանակուի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, Հարաւային Ամերիկայի ներկայացուցիչի հանգամանքով:

Քարլոս Սէֆէրեան ամուսնացած է եւ բախտաւորուած չորս զաւակով` Մելինէ, Կարօ, Վիգէն եւ Արի: Անողոք հիւանդութեան դէմ կարճատեւ շրջան մը պայքարելէ ետք, Քարլոս Սէֆէրեան 69 տարեկանին կեանքէն անդարձ հեռացաւ, խոր սուգի մատնելով ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը եւ յատկապէս Հարաւային Ամերիկայի շրջանը, որուն վերջին քառորդ դարու պատմութեան մէջ ան ձգեց իր անջնջելի հետքն ու դրոշմը:

Քարլոս Սէֆէրեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 6 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին (տեղական ժամանակով), Պուէնոս Այրէսի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, իսկ թաղումը կը կատարուի երկուշաբթի, 7 օգոստոսի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, բրիտանական գերեզմանատան մէջ:

Ցաւակցութիւնները կը փոխանցուին ե-նամակի հետեւեալ հասցէով` [email protected]

Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը կատարուին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ՀՕՄ-ի «Օննիկ Պոտուրեան-Յովհաննէս Տիարպէքիրեան» հանգստեան տան եւ «Արմենիա» թերթին:

Նախորդը

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ Աշակերտները Ցուցադրեցին Իրենց Հիւսած Կարպետները

Յաջորդը

Դաշնակցական Աւանդներուն, Գաղափարական Հարստութեան, Արժեհամակարգին Հետ Ապրելու Համակող Պահ Մը (Սարգիս Զէյթլեանի Կիսանդրիի Բացման Առիթով)

RelatedPosts

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Կլոր Սեղաններու Համառօտագիրներ (Գ.)
Անդրադարձ

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Կլոր Սեղաններու Համառօտագիրներ (Գ.)

October 5, 2026
Անթերի Գեղեցկութեան Թակարդը
Անդրադարձ

Անթերի Գեղեցկութեան Թակարդը

October 5, 2026
Լիւսի Թիւթիւնճեան.    Ինչո՞ւ Տիկին, Եւ Ո՛չ` Լիւսի
Անդրադարձ

Լիւսի Թիւթիւնճեան. Ինչո՞ւ Տիկին, Եւ Ո՛չ` Լիւսի

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.