Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Արցախի Ժողովուրդին Անվտանգութիւնը, Բարօրութիւնը Եւ Զարգացումը Բացարձակ Անհրաժեշտութիւններ Են Դաշնակցութեան Համար»

August 8, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դաւիթ Իշխանեանի Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ ընտրուելուն առիթով,  «Ապառաժ» հետեւեալ հարցումները ուղղած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին.

«Ապառաժ»— Արցախի Հանրապետութեան այս ծանր օրերուն ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկեր Դաւիթ Իշխանեան ընտրուեցաւ ԱՀ ԱԺ նախագահ: Ի՞նչ ընթացք ունեցած է ընկեր Իշխանեանի առաջադրումը այս կարևորագոյն պաշտօնին և ՀՅԴ-ն ի՞նչ հիմունքներով ընդունեց այդ առաջարկը:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան- ՀՅԴ Բիւրօն ստացաւ Արցախի ներկայ ու վերջին երկու նախագահներու համախորհուրդ առաջարկը, որպէսզի Դաշնակցութիւնը իր դերակատարութիւնը բարձրացնէ Արցախի պետական համակարգէն ներս՝ ընդառաջելով ընկեր Դաւիթ Իշխանեանի  ԱՀ Ազգային Ժողովի նախագահ առաջադրելու իրենց խնդրանքին, բնական է, որ մենք ամենայն լրջութեամբ վերաբերեցանք այդ առաջարկին, միաժամանակ ունենալով մտահոգութիւններ. քաջ կը գիտակցէինք այն ծանր պատասխանատուութեան բեռին, որուն դէմ յանդիման կը դրուէր մեր աշխարհատարած կազմակերպութիւնը: Գնահատեցինք նաեւ այն իրողութիւնը, որ Արցախի մեր քաղաքական գործընկերները անվերապահօրէն թիկունք կանգնեցան այսպիսի պատասխանատու պաշտօն ստանձնելու առաջարկին:

«Ա.» -Արդեօ՞ք որևէ համաձայնութիւն գոյացել է այս ընտրութեան նախօրէին:

Յ. Տ.- Այս առաջարկին կ’ընկերակցէր նաեւ խոստում, որ ԱՀ Ազգային Ժողովի դերն ու պատասխանատւութեան ծիրը պիտի ընդարձակուին եւ Խորհրդարանի նախագահը պիտի ունենայ վճռորոշ դերակատարութիւն քաղաքական հիմնական բոլոր գործընթացներուն մէջ, ի մասնաւորի Արցախի կարգավիճակի, անվտանգութեան, բանակցութիւններու եւ առհասարակ արտաքին յարաբերութիւններու ոլորտներուն մէջ: Ազգային ժողովը ԱՀի ժողովրդընտիր երկու սիւներէն մէկն է Նախագահական հաստատութեան հետ: Ան լիազօրուած է ներկայացնել ժռղովուրդին կամքը եւ  խօսիլ անոր անունէն: Այդ իսկ պատճառով անհրաժեշտ է, որ ԱԺ-ի Նախագահն ունենայ ազդու լիազօրութիւն, գործիքակազմ եւ քաղաքական հնարաւորութիւններ իր գործունէութինը արդիւնաւէտ կերպով կատարելու համար:

«Ա.»— Այս վճռորոշ օրերին ՀՅ Դաշնակցութեան բաւականին ծանր ու պատասխանատու պաշտօն է վստահուել: Որո՞նք են  լինելու ՀՅԴ հետագայ քայլերը:

Յ. Տ. -Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը, բարօրութիւնը եւ զարգացումը բացարձակ առաջնահերթութիւններ են Դաշնակցութեան համար եւ մենք երբեք չենք խուսափած պատասխանատւութեան մեր չափն ու կշիռը բարձրացնելէ ի սպաս Արցախին, մանաւանդ օրհասական պահերուն: Այդ համոզումով ենք գտնուած Արցախեան գոյամարտի ակունքներուն մէջ առաջին օրերէն իսկ՝ պատերազմի դաշտին մէջ, համաշխարհային զօրաշարժ իրագործող հայ դատի բանակով եւ Արցախի զարգացման աշխատանքներու նուիրումով: Որովհետեւ ՀՅԴ-ի համար Արցախի հիմնահարցի կարգաւորումը ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ,  արցախահայութեան անվտանգութեան ապահովումը եւ ընկերա-տնտեսական ճգնաժամի վերացումը մեր համաշխարհային շարունակական աշխատանքի առանցքը կը կազմէին ցարդ եւ կը կազմեն այսօր:

Համաձայն գտնուելով ընկեր Դաւիթ Իշխանեանի որպէս ԱՀ Ազգային Ժողովի նախագահ առաջադրուելու առաջարկին, կ’ակնկալենք որ Արցախի քաղաքական բոլոր ուժերը կը համախմբուին խորհրդարանին շուրջ, լաւագոյնս արտայայտելով իր ճակատագրին տէր Արցախահայութեան վճռակամ կամքը: Միաժամանակ խթան հանդիսանալով մեր աշխարհով մէկ տարուող պայքարին ի դէմ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հայատեաց եւ ցեղասպանական քաղաքականութեան:

Արցախը մինակ չի մարտնչիր, ան ունի ամբողջ հայութեան նեցուկը:

Մենք կը հաւատանք որ 2020-ի պարտութիւնն ու այսօրուան ճգնաժամը ժամանակաւոր են եւ համազգային ճիգերով յաղթահարելու ենք ներքին թէ արտաքին ամէն խոչընդոտ:

Կը շնորհաւորենք ընկեր Դաւիթ Իշխանեանը իր նոր ու պատասխանատու պաշտօնին ընտրուելուն առիթով եւ կը մաղթենք բեղուն գործունէութիւն եւ լիակատար յաջողութիւն:

 

Նախորդը

Ֆիտան. «Հայ-Թրքական Եւ Հայ-Ազրպէյճանական Կարգաւորման Հոլովոյթները Պէտք Է Զուգահեռաբար Ընթանան»

Յաջորդը

Դաւիթ Իշխանեան Ընտրուեցաւ Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահ

RelatedPosts

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը  Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան  Ու Դեմոկրատականները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան Ու Դեմոկրատականները»

October 7, 2026
Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական  Ուժերու Եւ Կարողութիւններու  Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»
Գլխաւոր լուրեր

Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական Ուժերու Եւ Կարողութիւններու Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»

October 7, 2026
Քաց. «Չարիքի Առանցքը Քայքայուեցաւ,  Եւ Թեհրանին Պիտի Ընենք Այն, Ինչ Որ Հըզպալլային,  Համասին, Ասատին Եւ Հուսիներուն Ըրինք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց 7 Հոկտեմբերի Նախօրեակին Բանակը Դրած Է Առաւելագոյն Մարտական Պատրաստուածութեան Մէջ

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.