Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան, բարեկեցութեան եւ անվտանգութեան ապահովման համար հայ-թրքական եւ հայ-ազրպէյճանական կարգաւորման հոլովոյթները պէտք է զուգահեռաբար ընթանան: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, երէկ Անգարայի մէջ դեսպաններու տարեկան հաւաքի մասնակիցներուն յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան:
«Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ ընթացող կարգաւորման հոլովոյթը արագացած է», յայտարարած է Ֆիտան:


