Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Խորապէս Մտահոգուած Է Բերձորի Միջանցքի Խնդիրով

August 4, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես մտահոգ է Բերձորի միջանցքով ազատ տեղաշարժի առնչուած խնդիրներու մասին հաղորդումներով: Այս մասին կը նշուի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի մամլոյ քարտուղարի տեղակալ Ֆարհան Հաքի մեկնաբանութեան մէջ:

«Ընդհանուր քարտուղարը խորապէս մտահոգուած է Լաչինի միջանցքին երկայնքով ազատ տեղաշարժի առնչուած շարունակական խնդիրներու մասին հաղորդագրութիւններով», ըսած է Հաք:

Անոր համաձայն, ընդհանուր քարտուղարը յիշեցուցած է իր նախորդ յայտարարութիւնը կողմերու` Արդարադատութեան միջազգային դատարանի, ներառեալ 22 փետրուար 2023-ի որոշումներու, ինչպէս նաեւ մարդոց փոխադրամիջոցներու եւ ապրանքներու Բերձորի միջանցքի երկայնքով երկու ուղղութիւններով անարգել տեղաշարժը ապահովելու քայլերուն առնչուած որոշումներուն կատարման անհրաժեշտութեան մասին:

«Ան յատկապէս մտահոգուած է այդտեղ մարդասիրական կացութեան վատթարացման մասին հաղորդագրութիւններով եւ կոչ կ՛ուղղէ շտապ միջոցներու ձեռնարկելու` դիւրացնելու հասանելիութիւնը կարիքաւորներուն մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու համար», ըսած է Հաք:

Ան աւելցուցած է, որ ընդհանուր քարտուղարը երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` աշխուժացնելու յարաբերութիւններու երկարաժամկէտ կարգաւորման ուղղուած ջանքերը` ի շահ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան:

Սքաու. «Կ՛ակնկալենք, Որ Ընդհանուր Քարտուղարի
Յայտարարութիւնը Դրական Արդիւնքներու Հանգեցնէ»

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակի ներկայացուցիչները երէկ այցելած են Կոռնիձորի սահմանային հատուած, ուր կը շարունակէ կանգնած մնալ Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղ ուղարկուող մարդասիրական օգնութիւնը` 21 բեռնատարով: Այս մասին հաղորդեց «Լուրեր»-ը:

Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակի ներկայացուցիչներուն հեռուէն ցոյց տրուած է Ազրպէյճանի կողմէ ապօրինաբար տեղադրուած անցակէտը, ապա ներկայացուած է ստեղծուած կացութիւնը:

Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի մնայուն համակարգողի պաշտօնակատար Նաննա Սքաու պատասխանած է մամլոյ ասուլիսի ժամանակ «Լուրեր»-ու թղթակիցին այն հարցումին, թէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը Բերձորի միջանցքը անյապաղ բանալու կոչ հրապարակած է, ի՞նչ քայլեր կը նախատեսուին այս ծիրին մէջ:

«Ցաւօք սրտի, այս պահու դրութեամբ չեմ կրնար աւելին ըսել յայտարարութենէն, որ երէկ երեկոյեան կատարուած է, եւ այսօր առաւօտեան` ժամը հինգին հրապարակուած: Կ՛ակնկալենք, որ այն յայտարարութիւնը, որ հրապարակուած է, դրական արդիւնքներու յանգեցնէ», ըսած է ան:

 

Նախորդը

Պորել. «Եւրոպական Միութիւնը Կը Վերահաստատէ Լաչինի Միջանցքի Վերաբացման Աջակցութիւնը»

Յաջորդը

Միլլըր. «Պոնօն Շրջան Եկած Է` Քննարկելու Համար Խաղաղութեան Հոլովոյթին Միացեալ Նահանգներու Աջակցութիւնը»

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.