Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պորել. «Եւրոպական Միութիւնը Կը Վերահաստատէ Լաչինի Միջանցքի Վերաբացման Աջակցութիւնը»

August 4, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու Եւրոպական Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելը 2 օգոստոսին կատարուած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի ապօրինի փակման պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ահագնացող մարդասիրական ճգնաժամը:

Միրզոյեան շեշտած է Բերձորի միջանցքի փակման անյապաղ վերացման հրամայականը` համաձայն Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 22 փետրուարի եւ 6 յուլիսի որոշումներուն, եւ Լեռնային Ղարաբաղի սնունդի, դեղորայքի եւ առաջնային անհրաժեշտութեան այլ ապրանքներու մատակարարման հրատապութիւնը:

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, ընդգծուած է Լեռնային Ղարաբաղ մուտք ունեցող միակ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութեան` Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի լիարժէք եւ անխափան գործունէութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը:

Միրզոյեան միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպտագոյն խախտում որակած է Լեռնային Ղարաբաղէն բժշկական նպատակով Հայաստան տեղափոխուող Վագիֆ Խաչատրեանի` Ազրպէյճանի սահմանապահ ծառայութիւններուն կողմէ առեւանգման դէպքը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարը վերահաստատած է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցերու` միջազգային մեքանիզմի տակ հասցէագրման կարեւորութեան հարցին մէջ հայկական կողմի դիրքորոշումը: Ընդգծուած է միջազգային գործընկերներու կողմէ յստակ քայլերու ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը` կանխելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ ցեղային զտման ուղղուած քայլերը:

Պորել իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարած է` շեշտելով, որ Եւրոպական Միութիւնը կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը Բերձորի միջանցքի շտապ վերաբացման` Լեռնային Ղարաբաղ մարդասիրական օգնութեան փոխադրումը կարելի դարձնելու համար:

«Կարեւոր է վերադառնալ անկեղծ երկխօսութեան, ներառեալ Պաքուի եւ Ղարաբաղի հայերուն միջեւ», գրած է Եւրոպական Միութան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարը:

 

Նախորդը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Գ. Տարելիցին Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Խորապէս Մտահոգուած Է Բերձորի Միջանցքի Խնդիրով

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.