Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները, Փեքինի եւ Ուաշինկթընի միջեւ երկխօսութեան վերականգնման ջանքերու ծիրին մէջ, Չինաստանի նոր արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եին բարձրաստիճան հանդիպումներ ունենալու համար հրաւիրած են Միացեալ Նահանգներ այցելելու: Այս մասին հաղորդեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր յայտնեց, որ նշեալ հրաւէրը ուղարկուած է երկուշաբթի օր` ամերիկացի եւ չին բարձրաստիճան պաշտօնատարներու միջեւ ժողովի ընթացքին:
Նախապէս նոյնպիսի հրաւէր մը յղուած էր Չին Կանկին, որ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը ստանձնելէն 7 շաբաթ ետք պաշտօնազրկուած էր, ինչ որ ենթադրել տուած էր, որ ան իր նկատմամբ համարումը կորսնցուցած է կամ պետական հետաքննութեան կ՛ենթարկուի:
Միլլըր չմանրամասնեց, եթէ չինական կողմը ընդունած է հրաւէրը, սակայն ըսաւ, որ ատիկա «ճամբորդութիւն մըն է, որուն կայացումը կը նախատեսենք»` աւելցնելով, որ տակաւին որեւէ թուական չէ ճշդուած:
Հաւանականութեան շարքին է սեպտեմբերի կիսուն Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ հանդիպումի մը կայացումը:


