Անտորրայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի Գ. դասակարգի պասքեթպոլի աղջկանց 16 տարեկանէն վար ախոյեանութեան Ա. խմբակի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որ Գ. հանգրուանի մրցումներուն մրցեցաւ Վրաստանի դէմ, անկէ կրեց 77-61 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Մրցումին լաւագոյն խաղացողը հանդիսացաւ Հայաստանէն Սեդա Գաբրիէլեան, որ բաւական մօտ էր թրիփըլ տապըլ մը իրագործելուն (18 կէտ, 13 ռիպաունտ եւ 8 էսիսթ):
Այսպիսով, Հայաստան աւարտեց իր ելոյթները, առաջին մրցումին 99-36 արդիւնքով յաղթելով Ճիպրալթարին, մինչ երկրորդին պարտուելով Մալթայէն (62-46):


