Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գէորգ Սրապեանի Յիշատակին

July 22, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՏԱՇԷՍ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ

Արդէն 40 օրեր անցան այն թուականէն, երբ հողին յանձնեցինք մեր շատ սիրելի հաւատաւոր մեծ եղբայրը` Գէորգ Սրապեանը:

Ան ծնած է Հալէպ, հայ ընտանիքի մը յարկին տակ, ուր ազգային եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն ստացած է իր ծնողքէն, որոնք եղած էին հաւատացեալ եւ չափազանց հայրենասէր:

Նախնական ուսումը Հալէպի մէջ ստանալէ ետք, ան փոքր տարիքին նետուած է կեանքի ասպարէզ, ուր սորված էր արհեստ` դառնալով ինքնաշարժներու նորոգութեան վարպետ:

60-ական թուականներուն անոնք հաստատուեցան Լիբանան` եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ: Գէորգը, անկախ իր մասնագիտութենէն, ուզեց կեանքը պայծառացնել, ուստի նշանակուեցաւ Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ Աղքատախնամի անդամ աւելի քան 40 տարի: Իր ծառայութեան ընթացքին եղաւ յանձնառու, ծառայասէր եւ օրինակելի անձ մը, բծախնդրօրէն կատարեց իր պարտականութիւնները, մանաւանդ մատաղի պատրաստութեան եւ ժողովուրդին մասի բաշխման ընթացքին:

Ասոնց զուգահեռ պէտք է յիշել մատաղի ձաւարի մատակարարումը եւ կաթսաներու նուիրումը:

Աւանդութիւնն ու եկեղեցական արժէքները պահող Գէորգ Սրապեան յոգնութիւն, տկարութիւն չէր ճանչնար, գիշերը ցերեկին խառնելով կը կատարէր իրեն վստահուած պարտականութիւնները:

Արդարեւ, զանազան առիթներով ան արժանացած էր Ազգային իշխանութեան եւ թաղականութեան գնահատագիրներուն:

Հոս կարեւոր է յիշել իր արհեստին բերումով կատարած անհաւատալի իրագործումը: Գէորգ Սրապեան պատրաստած էր «Ֆորտ» ինքնաշարժներ, որոնք արժանացած են «Ֆորտ» ընկերութեան գնահատանքին: Արդարեւ, ան այս առիթով հրաւիրուեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր գնած իր քրոջը հետ, եւ պարգեւատրուեցաւ յատուկ մետալով:

Գէորգ Սրապեանի մահով լիբանանահայ գաղութը կորսնցուց իր արժէքաւոր զաւակներէն մէկը, իսկ հայ եկեղեցին` հաւատաւոր ու նուիրեալ անձ մը:

Անոր կեանքը թող օրինակ ըլլայ մեր բոլորին, որպէսզի մենք ալ շարունակենք անոր կերտած ուղին` ծառայելով Սուրբ եկեղեցւոյ եւ հայ ազգին:

Աստուած հոգիդ լուսաւորէ եւ յիշատակդ անթառամ մնայ բոլորիս հոգիներուն մէջ:

 

 

 

 

Նախորդը

Հաւատացեալ Եւ Բարեսէր Բարեկամուհիիս` Ռոզիկ Սրապեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Ձգեցէ՛ք, Որ Անոնք Քրիստոսի Երթան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.