Ռուսական մարզական մամուլին համաձայն, սպանական Վալենսիա ակումբը բաւական մօտէն հետաքրքրուած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Լոքոմոթիւ Մոսկուայի միջնապահ Նայիր Տիկնիզեանով:
Նախապէս անիկա կը յայտնէր, որ ֆութպոլիստով հետաքրքրուած են նաեւ Ռէալ Սոսիետատ եւ Վոլֆսպուրկ:
Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, Վալենսիա կը փափաքի երկու տարուան համար փոխ առնել 24 տարեկան ֆութպոլիստը, ապա պաշտօնապէս պայմանագրութիւն մը ստորագրել անոր հետ:
Տիկնիզեան, որ նախորդ մայիսին եւ յունիսին ճանչցուեցաւ իբրեւ Լոքոմոթիւ Մոսկուայի լաւագոյն ֆութպոլիստը, նախորդ տարեշրջանին, իր կազմին հետ իր կատարած 37 մրցումին ընթացքին նշանակեց 5 կոլ եւ կատարեց նոյնքան էսիսթ:


