Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս Կ՛աշխատին Սառնարանը Եւ Ուրիշ Բաներ…

July 18, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Սառնարանը կ՛աշխատի ջերմութեան փոխանցման սկզբունքով եւ կ՛օգտագործէ մեքանիքական եւ թերմոտինամիքական գործընթացներու համադրութիւն մը` իր ներսը սառեցնելու եւ ընդգրկուած սննդամթերքը պահպանելու համար:

Սովորական սառնարանի հիմնական բաղադրիչներն են`

1.- Ճնշակը (compressor)- Ճնշակը սառնարանի սիրտն է: Ճնշակը ելեկտրական շարժիչով կ՛աշխատի եւ կը սեղմէ պաղեցնող կազը, սովորաբար` հիտրոֆլորածխածինը (HFC), կամ` հիտրոքլորֆլորածխածինը (HCFC): Ճնշակը կ՛աւելցնէ պաղեցնող կազին ճնշումը եւ ջերմաստիճանը:

2.- Խտարան (condenser)- Սեղմուած եւ տաքցուող պաղեցնող կազը այնուհետեւ կ՛անցնի խտարանի գալարներուն մէջ, որոնք սովորաբար կը գտնուին սառնարանի ետեւի կողմը, կամ տակը:  Խտարանի գալարները մեծ մակերես ունին տաքութիւնը արդիւնաւէտօրէն ցրուելու համար: Երբ պաղեցնող տաք կազը կ՛անցնի կծիկներուն մէջէն, ան իր ջերմութիւնը կը կորսնցնէ, կը ցրուէ զայն շրջակայ միջավայրին եւ կը դառնայ բարձր ճնշման պաղ հեղուկ մը:

3.- Ընդարձակման փական (expansion valve)- Բարձր ճնշում ունեցող հեղուկ պաղեցնող կազը այնուհետեւ կը հոսի ընդարձակման փականի միջոցով, որ փոքր բացուածք մըն է: Ընդարձակման փականը կը յառաջացնէ ճնշման անկում. Այս մէկը պատճառ կը դառնայ պաղեցնող կազի արագ ընդլայնման:

4.- Շոգարար (evaporator)- Ընդլայնուած պաղեցնող կազը կը մտնէ շոգարարի գոլորշիացնող պարոյրներուն մէջ, որոնք ընդհանրապէս կը գտնուին սառնարանի յետնամասին: Երբ սառեցուցիչ կազը կ՛ընդլայնի, ան կը ներծծէ ջերմութիւնը սառնարանին մէջէն, որուն շնորհիւ ներսը ջերմաստիճանը կը նուազի: Այսպիսով,  սառնարանը կ՛ունենայ զովացնող յատկութիւն: Գոլորշիացնող պարոյրները կ՛ունենան մեծ մակերես` ջերմափոխանակութիւնը սրելու համար:

5.- Շոգարարի հովահար (Evaporator Fan)- Այս մէկը, որ կը գտնուի շոգարարի պարոյրներուն մօտ, պաղ օդը կը շրջանառէ սառնարանին մէջ` ապահովելու համաչափ զովացում մը: Ան շոգարարի պարոյրներուն վրայ օդ կը փչէ, որուն շնորհիւ պաղեցնող կազը կը ներծծէ տաքութիւնը եւ կը վերածուի ցած ճնշում ունեցող կազի:

6.- Ջերմաչափ (Thermostat)- Ջերմաչափը, որ սովորաբար կը գտնուի սառնարանէն ներս, կը վերահսկէ ջերմաստիճանը եւ ճնշակի աշխատանքը: Երբ սառնարանէն ներս ջերմաստիճանը բարձրանայ սահմանուած կէտէն աւելի, ջերմաստիճանը ազդանշան կու տայ ճնշակին, որ գործարկուի` գործի լծուի, իսկ երբ ան կը հասնի ցանկալի ջերմաստիճանի, ջերմաչափը ազդանշան կու տայ անոր, որ «դադար մը առնէ»:

Սառեցման այս շրջանառութիւնը կը կրկնուի սառնարանէն ներս ցանկալի ջերմաստիճան մը պահպանելու համար:

Պէտք է նշել, որ որոշ ժամանակակից սառնարաններ կրնան ունենալ լրացուցիչ հնարաւորութիւններ, ինչպիսիք են` սառի ինքըստինքեան հալեցումը, կարգաւորուող դարակները, ջերմաստիճանի ցուցադրիչը եւ ջուրի/սառոյցի մատակարարման դիւրութիւններ: Այնուամենայնիւ, ջերմութեան փոխանցման հիմնարար սկզբունքը եւ վերը նշուած հիմնական բաղադրիչները կը մնան նոյնը:

Արդիւնաւէտօրէն հեռացնելով ջերմութիւնը ներսէն եւ հեռու մղելով զայն դուրսէն` սառնարանը կ՛օգնէ պահպանելու սննդեղէնը` դանդաղեցնելով պաքթերիաներու եւ այլ մանրէներու աճը, երկարացնելով փճացող մթերքներու պահպանման ժամկէտը եւ ըմպելիքներն ու այլ ապրանքները պահելով սառած վիճակի` մեր յարմարութեան համար:

Ահա քանի մը հետաքրքրական գիտելիքներ` սառնարանին եւ անոր հետ կապ ունեցող անցեալին մասին.

1.- Սառոյցի բերքահաւաք– Նախքան մեքանիքական սառեցման գիւտը` սառոյցի բերքահաւաքը սովորական գործառոյթ մըն էր: Սառոյցը կը կտրուէր սառած լիճերէ եւ կը պահուէր «սառէ տուներ»-ու մէջ, որոնք կ՛օգտագործուէին սնունդն ու խմիչքը պաղ պահելու համար: Մարդիկ նոյնիսկ սառոյց կը ներմուծէին աւելի ցուրտ շրջաններէ` ամրան իրենց պահանջները բաւարարելու համար:

 

Սառոյցի բերքահաւաք

2.- Ամենահին ծանօթ սառնարանը- Արհեստական սառեցման ամենահին ձեւը կու գայ հին ժամանակներէն: Պարսկական կայսրութիւնը կ’օգտագործէր եախչալներ, որոնք ստորգետնեայ մեծ խուցեր էին կամ գմբէթաւոր կառոյցներ` ցեխէ, կաւէ եւ յարդէ պատրաստուած հաստ պատերով: Այս կառոյցները կ’օգտագործէին հողմակայիչներ (windcatcher) եւ ստորգետնեայ պահեստներ` բնական զովացման իրավիճակ մը ստեղծելու համար:

Պարսկական Եախչալ

3.- Առաջին մեքանիքական սառնարան- Գործնական առաջին մեքանիքական սառնարանը յայտնագործած է Ճէյքըպ Փերքինսը, 1834 թուականին: Ան կ՛օգտագործէր էթերի ճնշումը եւ հիմնականօրէն նախատեսուած էր արդիւնաբերական (industrial) օգտագործման համար, եւ ոչ թէ` կենցաղային նպատակներու համար:

Ճէյքըպ Փերքինս

4.- Տնային սառնարանի որդեգրում- Տնային սառնարաններու լայն տարածումը սկսած է 20-րդ դարու սկիզբը: Ելեկտրական ներդրումը տուներուն մէջ եւ սառնարանային արհեստագիտութեան յառաջընթացը սառնարանը դարձուցին աւելի յարմար եւ մատչելի հանրութեան համար:

5.- Սառնարանի մագնիս- Սառնարանային մագնիսներու գաղափարը յայտնի դարձաւ 1970-ականներուն: Անոնք ի սկզբանէ ներկայացուեցան որպէս գովազդային ապրանքներ` արդիւնաբերական ընկերութիւններու կողմէ, բայց շուտով դարձան սառնարանի դրան վրայ նշումներ, լուսանկարներ եւ արուեստի գործեր ցուցադրելու սովորական միջոց` խոհանոցին անհատական շունչ հաղորդելով:

Այս զուարճալի փաստերը կ՛ընդգծեն սառնարանային արհեստագիտութեան զարգացումը եւ այն, թէ ինչպէ՛ս փոխակերպած է սնունդն ու խմիչքները պահպանելու մեր կարողութիւնը` միաժամանակ դառնալով մեր առօրեայ կեանքի կարեւոր մէկ մասը:

Նախորդը

Անդրադարձ. Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները ԻԲ. Հայկական Լեռնաշխարհի Կին Մարտիկները

Յաջորդը

Ծառայական Տիրութիւն

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.