Նախագահական ընտրութեան թղթածրարը կը մնայ տեղքայլի մէջ` սպասելով Տոհայի մէջ տեղի ունենալիք հնգակողմանի հանդիպումին, որուն ներկայ պիտի գտնուի ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի Լիբանանի` համար յատուկ անձնական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան:
Կը նախատեսուի, որ Լը Տըրիան այդ ժողովէն բխած արդիւնքին հիման վրայ վերադառնայ Պէյրութ` կայացնելու համար երեսփոխանական պլոքներուն միջեւ երկխօսութիւն մը:
Նշենք, որ վստահելի աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ ուղղուեցաւ Տոհա` մասնակցելու համար Լիբանանի վերաբերող հնգակողմանի ժողովին:
Քաթարի հիւրընկալած ժողովին կը մասնակցին Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Սէուտական Արաբիա, Քաթար եւ Եգիպտոս:
Միւս կողմէ, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` առ ի պատասխան այն մեկնաբանութիւններուն, թէ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ կը մերժէ գլխաւորել նախարարական այն պատուիրակութիւնը, որ պէտք է ուղղուի Սուրիա եւ հանդիպումներ ունենայ սուրիական իշխանութիւններուն հետ` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ծրագրելու նպատակով:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարին դերակատարութիւնն է քաղաքական եւ դիւանագիտական հաղորդակցութիւններ կատարել արաբական երկիրներուն հետ եւ կառավարութեան աշխատանքը համադրել սուրիացի տեղահանուածներուն հարցին գծով:
Հաղորդագրութիւնը շեշտեց, որ Պու Հապիպ պիտի շարունակէ իր այդ դերակատարութիւնը, «իսկ թեքնիք հարցերը կարիք ունին համապատասխան նախարարութիւններու եւ կառոյցներու աշխատանքին, որ արտաքին գործոց նախարարութեան ստանձնած պարտականութեան հետ չի խաչաձեւուիր: Աւելի՛ն. յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը ունի պատասխանատուութիւններ, որոնց անձամբ պէտք է ներկայ գտնուի. անոնցմէ է արաբական յանձնախումբին իր անդամակցութիւնը` Սուրիոյ հետ երկխօսութիւն կատարելու առումով, ինչպէս նաեւ օգոստոսի կիսուն Նիւ Եորք իր մեկնումը, որպէսզի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը երկարաձգուի, սեպտեմբերի առաջին կիսուն արաբ արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովն ու սեպտեմբերի երկրորդ կիսուն Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մասնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային շարք մը այլ հանդիպումներու եւ խորհրդաժողովներու մասնակցութիւնը», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:


