Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատունը յայտարարութիւն հրապարակած է Հարաւային Կովկասի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի գործունէութեան վերաբերեալ:
«Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն տարիներ շարունակ չափազանց կարեւոր աշխատանք կատարած է Հարաւային Կովկասի մէջ, ներառեալ Լաչինի միջանցքը, ուր անոր գործունէութիւնը կ՛աջակցի տեղացի բնակչութեան` ունենալու հասանելիութիւն առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներուն եւ ծառայութիւններուն, ներառեալ կեանք փրկող դեղամիջոցներն ու առողջապահական ծառայութիւնները:
«Բրիտանիոյ կառավարութիւնը հաստատակամօրէն կը սատարէ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի գործունէութեան եւ շարունակական աշխատանքին: Բրիտանիան բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` զերծ մնալու մարդասիրական աջակցութեան քաղաքականացումէն», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:


