Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի Ծերակոյտի անդամ, եւ արտաքին հարցերու, պաշտպանութեան ու զինեալ ուժերու յանձնախումբերու քարտուղար ծերակուտական Ժոել Կարիոէ Մայլամը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ պատմական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տարբեր մարզերու մէջ լիբանանեան-ֆրանսական փոխադարձ գործակցութիւնը, յատկապէս` զոյգ բանակներուն միջեւ համագործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Հանդիպումին ընթացքին Մայլամ հաստատեց, որ ինք կասկած չունի Լիբանանի դիմագրաւած տագնապը շրջանցելու իմաստով լիբանանցիներու կարողութիւններուն վրայ:
Ան աւելցուց, որ Ֆրանսա միշտ կը զօրակցի Լիբանանին, յատկապէս զինուորական առումով:
Իր կարգին, Սլիմ բարձր գնահատեց Լիբանանի նկատմամբ ֆրանսական զօրակցութեան կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ Փարիզ միշտ լիբանանեան տագնապի լուծման նպատակով նախաձեռնութիւններ կ՛առաջադրէ:
Սլիմ դրուատեց երկկողմանի զինուորական գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մասնակցութիւնը հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած միջազգային խաղաղապահ ուժերուն:
Սլիմ գնահատեց Ֆրանսայի մնայուն զօրակցութիւնը` Լիբանանին, ինչպէս նաեւ կարեւորութեամբ շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին իմաստով միջազգային հանրութիւնը պէտք է զօրակցի լիբանանեան կեցուածքին:
Ան մաղթեց, որ Մայլամ լիբանանեան կեցուածքը փոխանցէ միջազգային հանրութեան:
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ իր կարգին ընդունեց Մայլամը, որուն հետ քննարկեց սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարն ու տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Ֆրանսա յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:


