26 յունիսի դրութեամբ զինեալ ապստամբութիւն կազմակերպելու վերաբերեալ քրէական գործը, որուն գլխաւոր գործող անձը «Վակներ» սեփական զինուորական ընկերութեան հիմնադիր Եւկենի Փրիկոժինն է, չէ դադրեցուած եւ կը հետաքննուի Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան քննչական վարչութեան քննիչին կողմէ: Այս մասին կը գրէ «Քոմերսանթ»-ը:
Հետաքննութիւնը նախաձեռնուած է 23 յունիսին, իսկ Փրիկոժինի դէմ քրէական հետապնդումը յառաջիկային դադրեցնելու մասին յայտարարուած էր անոր եւ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ բանակցութիւններէն ետք: Բանակցութիւններուն հիմամբ «Վակներ»-ի ուժերը դադրեցուցած են արշաւը դէպի Մոսկուա, հեռացած բռնագրաւուած Տոնի Ռոսթովէն եւ վերադարձած իրենց դաշտային ճամբարները:
Աղբիւրը կը գրէ, որ 25 յունիսին որոշ լրատուամիջոցներ եւ թելեկրամեան ալիքներ յայտնած են, որ Ռուսիոյ ընդհանուր դատախազութիւնը, որ նախապէս ապստամբութեան գործ յարուցելու մասին Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան քննիչի որոշումը օրինական եւ արդարացուած նկատած էր, չեղեալ նկատած է այս որոշումը, հետեւաբար Փրիկոժինի քրէական հետապնդումը նոյնպէս դադրեցուած է:
Սակայն «Քոմերսանթ»-ի վերահսկող գերատեսչութեան աղբիւրը յայտնած է, որ քրէական գործ յարուցելու որոշումը տակաւին չէ ջնջուած, եւ ապստամբութեան հետաքննութիւնը կը շարունակուի:
Ռուսիոյ ընդհանուր դատախազութիւնը երէկ հաստատեց, որ «Վակներ»-ի ղեկավարը կը շարունակէ քրէական հետապնդումի ենթակայ մնալ:


