Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեան Կ՛անարգէ Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական Զինանշանն ու Օրհներգը

June 26, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իրավիճակը օր առ օր կը վատթարանայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ի շահ անվերջ զիջումներուն, պարտուողական կեցուածքին ու անկարողութեան պատճառով:

Գալով իշխանութեան` ան ինքզինք խեղաթիւրուած  կերպով ներկայացուց իբրեւ ժողովրդավար, սակայն շուտով պարզուեցաւ, որ բռնապետ է: Հինգ տարի առաջ Փաշինեան մեծ հանրահաւաքի մը ընթացքին խոստացաւ. «Եթէ (Ղարաբաղի) բանակցային գործընթացին արդիւնքը ըլլայ լուծման տարբերակ մը, որուն ես կը հաւատամ եւ կը համարեմ, որ ատիկա լաւ տարբերակ է, ոչ ոք թող մտածէ, թէ ես ձեզմէ թաքուն որեւէ թուղթ կը ստորագրեմ կամ որեւէ բան կ՛ընեմ: Երբ տեսնեմ, որ կայ տարբերակ, որուն շուրջ իսկապէս կարելի է խօսիլ, ես կու գամ եւ կը կանգնիմ հոս, բոլոր մանրամասնութիւններով կը ներկայացնեմ ձեզի, եւ դուք կ՛որոշէք` մենք կ՛երթա՞նք այդ տարբերակով դէպի լուծում, թէ՞ ոչ: Կ՛որոշէք, որ պիտի երթանք, ուրեմն կ՛երթանք, կ՛որոշէք, որ չենք երթար, ուրեմն չենք երթար: Դուք էք բարձրագոյն իշխանութիւնը եւ որոշողը, առանց որեւէ կասկածի»: Սակայն 2018-ի այդ լրջագոյն խոստումէն ի վեր ան ժողովուրդէն չէ խնդրած` որեւէ հարցի մասին որոշում կայացնել:

Փաշինեանը`

– Սպառնալից յայտարարութիւններ ըրած է իր քաղաքական ընդդիմախօսներուն հասցէին, բանտարկած է իր կուսակցութեան մրցակիցները տեղական ընտրութիւններու ժամանակ, ձերբակալած է ցուցարարները եւ արգիլած ականաւոր սփիւռքահայերու մուտքը Հայաստան` իր վարչակարգին ուղղուած անոնց քննադատութեան պատճառով:

– Հայաստանի բնակչութիւնը բաժնած է երկու թշնամական ճամբարներու եւ սփիւռքը հեռացուցած` Հայաստանէն:

– Հիմնովին վատ  կառավարած է 2020-ի աղէտալի պատերազմը, որուն պատճառով զոհուած են հազարաւոր հայ երիտասարդ զինուորներ եւ կորսնցուցած` Արցախի մեծ մասը:

– Չէ կրցած ապահովել Ազրպէյճանէն հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը:

– Չէ կրցած պաշտպանել Հայաստանի սահմանները վերջին երկու տարուան ընթացքին` ազրպէյճանական բազմակի յարձակումներէ:

– Վեց ամիս շարունակ չէ կրցած բանալ Ազրպէյճանի կողմէ շրջափակուած Լաչինի միջանցքը, եւ հետեւանքը այն եղած է, որ 120 հազար արցախցիներ զրկուին սնունդէ եւ դեղամիջոցներէ:

– Բազմիցս քննադատած է Արարատ լերան նկատմամբ հայերուն կարօտը` ըսելով, որ անիկա այլեւս Հայաստանի տարածքին մէջ չէ:

– Տկարացուցած է Հայաստանի բանակը:

– Հերքած է Արեւմտեան Հայաստանի նկատմամբ հայկական պահանջները` յայտարարելով, որ Հայաստանը տարածքային պահանջներ չունի իր դրացիներէն որեւէ մէկէն:

– Մեկնած է Անգարա` ներկայ գտնուելու նախագահ Էրտողանի երդմնակալութեան` խայտառակելով ինքզինք եւ Հայաստանը:

– Արցախը նուիրած է Ազրպէյճանին: Հակառակ Փաշինեանի խեղաթիւրման, թէ` Հայաստանի նախկին ղեկավարները տուած են Արցախը, Եւրոպական միութեան արտաքին գործերու եւ ապահովութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեֆ Պորել անցեալ շաբաթ ըսաւ. «Առաջին անգամ… Հայաստան Ղարաբաղը ճանչցած է իբրեւ Ազրպէյճանի մաս»:

Զարմանալի չէ, որ Ալիեւ եւ Էրտողան գոհ են Փաշինեանէն:

Անցեալ շաբաթ ելոյթ ունենալով խորհրդարանին մէջ` Փաշինեան կասկածելի յայտարարութիւններ ըրաւ Հայաստանի պետական զինանշանին եւ օրհներգին մասին, որոնք երկուքն ալ ամրագրուած են Հայաստանի սահմանադրութեամբ: Այլ կերպ ըսած` Փաշինեանի քննադատութիւնները հակասահմանադրական էին:

Ահա թէ ինչպէ՛ս Փաշինեան նկարագրած է Հայաստանի զինանշանը. «Ի՞նչ է պատկերուած հոն. Նոյեան տապանը Արարատ սարի վրայ, Հայաստանի չորս գահակալութիւններու, կայսրութիւններու, չորս հարստութիւններու զինանշանները… Այդ զինանշանը 1991-ին հիմնադրուած պետութեան հետ ի՞նչ կապ ունի: Նայելով (զինանշանի) կեդրոնին, Արարատ սարի վրայ Նոյեան տապանն է, Հայաստանի Հանրապետութեան այսօրուան տարածքը ջրհեղեղի տակ է, առիւծ, որ արդէն Հայաստանի բնական պայմաններու բերումով շատոնց ի վեր հոս չ՛ապրիր»: Ասիկա «մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ գոյութիւն ունեցող այդ  երկուութեան մասին է, պատմական Հայաստանի եւ իրական Հայաստանի… Իրական Հայաստանը պէ՞տք է ծառայէ պատմական Հայաստանին, թէ՞ պատմական Հայաստանը պէտք է ծառայէ իրական Հայաստանին… Ի վերջոյ, պատմական Հայաստանի 12 մայրաքաղաքներէն 6 հատը կը գտնուին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ: Իսկ այդ մայրաքաղաքներուն մէջ վերջին անգամ ե՞րբ  եղած էք, տեսա՞ծ էք անոնց վիճակը, գնահատա՞ծ էք, թէ ի՛նչ վիճակի մէջ են: Այդքան աւանդոյթներէ կը խօսինք, արժէքներէ կը խօսինք, մեր մայրաքաղաքները, մեր պատմական խորհրդանիշները այսօր աւերակներու տակ են, կը ներէք` այս ալ ըսելու բան չէ, բայց կրնայ պարզուիլ, որ Հայաստանէն դուրս գտնուող որոշ (պատմական) մայրաքաղաքներ աւելի լաւ վիճակի մէջ են, քան` Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն ներս գտնուողները»:

Եզրափակելով խօսքը` Փաշինեան առիթը յարմար գտաւ բողոքելու նաեւ Հայաստանի պետական խորհրդանիշներէն մէկուն` պետական օրհներգին դէմ, նոյն այն օրը, երբ Հայաստան կը նշէր Պետական խորհրդանիշներու օր: Ան ըսաւ. «Այսօր մեր հիմնի պաշտօնական բառերը կ՛աւարտին հետեւեալ կերպ` զոհուելով կ՛աւարտի: Ինքը` գաղափարախօսութիւնը ճիշդ է, այսինքն գրութեան հետ ես որեւէ խնդիր չունիմ, բայց կ՛աւարտի զոհուելու տողով եւ զոհուելու տեսարանով: Ես վերջերս շատ կը մտածեմ, ի հարկէ զուտ էսթեթիքական, բանաստեղծական առումով դիւրին չէ իրականացնելը, բայց կը կարծեմ` քաղաքական առումով շատ ճիշդ կ՛ըլլայ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնը աւարտի հետեւեալ տողերով.

Նայիր նրան` երեք գոյնով
Նուիրական մէկ նշան,
Թող փողփողի թշնամու դէմ,
Թող միշտ պանծայ Հայաստան»:

Փաշինեան կ՛առաջարկէր օրհներգը կրճատել` ջնջելով վերջին չորս տողերը.

«Ամենայն տեղ մահը մի է,
Մարդ մի անգամ պիտ մեռնի,
Բայց երանի, որ իւր ազգի
Ազատութեան կը զոհուի»:

Ասիկա Փաշինեանի կողմէ փորձ մը եւս է` տկարացնելու համար հայերուն ազգայնական զգացումները` հանդարտեցնելու համար Հայաստանի թշնամիները: Օրհներգի խօսքերը գրած է յայտնի բանաստեղծ Միքայէլ Նալբանդեան, 1861-ին: Օրհներգը ընդունուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կողմէ, 1918-ին: Վերընդունուած է ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ`  ձեւակերպումներու փոքր փոփոխութեամբ:

Ի՞նչ պիտի առաջարկէ Փաշինեան յաջորդիւ` փոխել Հայաստանի դրօ՞շը ու երկրի անո՞ւնը: Այսուամենայնիւ, այս այն մարդն է, որ ինքնահաւանօրէն յայտարարած է. «Ես չեմ կրնար պատկերացնել մարդ մը, որ կրնայ հայրենիքս ինձմէ շատ սիրել: Չի կրնար այդպիսի բան ըլլալ, անկարելի է»: Նոյնիսկ Խորհրդային ժամանակաշրջանին Արարատ լեռը պահած են Խորհրդային Հայաստանի զինանշանին վրայ: Ինչպէ՞ս կրնայ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը նուազ ազգայնական ըլլալ, քան` Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարները:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Քուրթուլմուշի Յայտարարութեան Միտք Բանին

Յաջորդը

Երջանկութեան Արուեստը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.