Պաքուն արձագանգած է Բերձորի միջանցքը փակ պահելու եւ Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ծանր կացութեան, ցեղային զտման քաղաքականութեան մասին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան հինգշաբթի օրուան նիստի ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւններուն:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը «անհեթեթ միտքեր» որակած է Փաշինեանի յայտարարութիւնը, եւ Հայաստանը մեղադրած այն բանով, որ 15 յունիսի միջադէպին պատճառով երթեւեկը խաթարուած է:
Հակադարձելով Արցախի մէջ ցեղային զտում իրականացնելու քաղաքականութեան մեղադրանքներուն` Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ «Հայաստանը 30 տարի ցեղային զտում կատարած է գրեթէ մէկ միլիոն ազրպէյճանցիներու նկատմամբ»:
Ինչ կը վերաբերի Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան մէջ միջազգային մեքանիզմներու ներդրման, ապա Պաքուն անգամ մը եւս ընդգծած է. «Ազրպէյճանի տարածքին մէջ ապրող հայկական ծագում ունեցող բնակիչներուն հետ» երկխօսութեան, անոնց իրաւունքներն ու ազատութիւնները ապահովելու հարցը իր ներքին գործն է` ազրպէյճանական օրէնսդրութեան շրջանակին մէջ:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ լի է վճռականութեամբ անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկելու հայկական ծագումով բնակիչներու վերահամարկման համար, եւ այս, ինչպէս նաեւ այլ հարցեր քննարկելու հրաւէրը տակաւին ուժի մէջ կը մնայ:


