Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով մերժած է Հայաստանի` խաղաղութեան բանակցութիւններու նոր փուլէն առաջ արցախահայութեան անվտանգութեան յատուկ երաշխիքներ տրամադրելու պահանջը: Ան այս մասին ըսած է «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան:
Լրատու գործակալութիւնը կը յիշեցնէ «բեկումնային պահը», երբ անցեալ ամիս Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է, որ Հայաստանը Արցախը կը ճանչնայ իբրեւ Ազրպէյճանի մաս, սակայն կ՛ուզէ, որ Պաքուն երաշխիքներ տայ տեղւոյն հայ բնակչութեան:
Սակայն Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը «Ռոյթըրզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է, որ նման երաշխիք աւելորդ է, եւ պահանջը կը նշանակէ միջամտութիւն «Ազրպէյճանի գործերուն»:
«Մենք նման նախապայման չենք ընդունիր… շարք մը պատճառներով: Ամէնէն սկզբունքայինը հետեւեալն է. ասիկա ներքին, գերիշխան խնդիր է: Ազրպէյճանի սահմանադրութիւնը եւ շարք մը միջազգային հռչակագիրներ, որոնց մաս կը կազմէ Ազրպէյճանը, կ՛ապահովեն բոլոր անհրաժեշտ պայմանները, որպէսզի երաշխաւորուին այդ բնակչութեան իրաւունքները», ըսած է ան:
Պայրամով աւելցուցած է, որ հայերը կրնան օգտագործել իրենց լեզուն եւ կրթութիւն ստանալ, պահպանել իրենց մշակոյթը, եթէ այլ ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու նման համարկուին ազրպէյճանական հասարակութեան եւ պետական կառոյցներուն մէջ:
«Եթէ Երեւան կամք դրսեւորէ եւ ոչ միայն յայտարարութիւններ, այլ նաեւ գործնական քայլեր ընէ, ապա կը կարծեմ, որ կարողականապէս կարելի է համաձայնութեան հասնիլ նոյնիսկ մինչեւ տարեվերջ», ըսած է ան:
«Սակայն եթէ Հայաստանը պատրաստ չէ ատոր, ապա համաձայնագիրի ստորագրութիւնը կրնայ յետաձգուիլ», աւելցուցած է ազրպէյճանական դիւանագիտութեան պետը:


