Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Հայաստանի Ղեկավարները, Որոնք Ժամանակին Կ՛ըսէին` «Ղարաբաղը Հայաստան Է», Հիմա Կը Կրկնեն Իմ «Ղարաբաղը Ազրպէյճան Է» Խօսքերս»

June 24, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճան գնած է նոր անօդաչու թռչող սարքեր եւ բարձր ճշգրտութեան հեռահար հրթիռներ: Այս մասին յայտնած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

«Հայրենական (44-օրեայ, «Ա.») պատերազմէն ետք նոր սպառազինութիւններու գնման հոլովոյթը կը շարունակուի, եւ արդէն կնքուած են բազմաթիւ պայմանագիրներ` մեր երկիրը նոր անօդաչու թռչող սարքերու եւ կործանարար մեծ ուժով ու բարձր ճշգրտութեամբ հեռահար հրթիռներու մատակարարման համար», ըսած է ան:

Ազրպէյճանի նախագահը նաեւ յայտարարած է, որ իր երկրին մէջ ուժային կառոյցներու յատուկ նշանակութեան ուժերու թիւը բազմակի աւելցած է: Անոր համաձայն, էապէս աւելցած է մասնաւորաբար պաշտպանութեան նախարարութեան մասնայատուկ ուժերու թիւը: Ազրպէյճանի ղեկավարը շեշտած է` 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ այդ ջոկատները «առանձնայատուկ հերոսութիւն ցուցաբերած են»:

«Պետական սահմանային ծառայութիւնը, ներքին զօրքերը, պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը, արտաքին հետախուզութիւնը` այդ կառոյցներու յատուկ նշանակութեան ջոկատներու թիւը բազմակի աւելցած է», յայտարարած է Ալիեւ եւ ընդգծած, որ նպատակը մէկ է` «պաշտպանել մեր տարածքը, ապահովել մեր երկրին տարածքային ամբողջականութիւնը եւ մեր անվտանգութեան սպառնացող վտանգի պարագային ջախջախիչ հարուածներ հասցնել թշնամիի ուժերուն»:

«Մենք կը պատրաստուէինք ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմին, եւ այդ մտադրութիւնը չենք թաքցուցած», ըսած է ան` յիշեցնելով իր յայտարարութիւնները, թէ «եթէ բանակցութիւնները անարդիւնք մնան, մենք ուժ պիտի կիրարկենք»:

«Ցաւօք, ոմանք անփոյթ վերաբերում ցուցաբերեցին իմ խօսքերուս նկատմամբ: Հայաստանն ու անոր օտարերկրեայ հովանաւորները կը կարծէին, որ մեր հողերը ընդմիշտ բռնագրաւուած պիտի պահեն: Մենք խափանեցինք անոնց նենգ ծրագիրները: Մենք պատրաստուած էինք պատերազմին, մենք թշնամիին այնպիսի ջախջախիչ հարուած հասցուցինք, որ ան մինչեւ հիմա չի կրնար ուշքի գալ», յայտնած է Ալիեւ:

«Խաղաղութեան բանակցութիւնները աւարտին հասցնելը այսօր պէտք է մեզի, սակայն ատիկա աւելի պէտք է ինքնին Հայաստանին», ըսաւ Ազրպէյճանի նախագահը:

«Խաղաղութեան այս համաձայնագիրը պէտք է ստորագրուի միջազգային օրէնքի արժեչափերուն եւ սկզբունքներուն հիման վրայ: Խաղաղութեան այս համաձայնագիրը պէտք է հաշուի առնէ յետպատերազմեան իրողութիւնները: Մենք պատերազմած ենք մեր հողին վրայ, այսօր կ՛ապրինք եւ պիտի ապրինք մեր հողին վրայ», ըսած է Ալիեւ:

Ան նաեւ ըսած է, որ Ազրպէյճանը վերջին 2,5 տարուան ընթացքին քանի մը անգամ ստիպուած եղած է իր ուժը ցոյց տալ հայկական կողմին:

«Նախ` ի պատասխան անոնց զինուորական սադրանքներուն: Երկրորդ` մենք անոնց ազդանշան ուղարկած ենք, որ եթէ խելօք չկենան, չյարգեն իրենց ստորագրութիւնը, ապա արդիւնքը իրենց համար ողբալի պիտի ըլլայ: Այսպիսով, մենք տակաւին մենք մեզ զուսպ կը պահենք: Մենք երբեք չենք շտապած, ատոր կարիքը չկայ: Միջազգային ընտանիքը արդէն յստակօրէն Ղարաբաղը իբրեւ Ազրպէյճանի անբաժանելի մաս կը ճանչնայ: Մենք կրնանք սպասել: Դարձեալ կ՛ըսեմ` չենք աճապարեր:

«Այսօր բոլորը կը տեսնեն, որ այն ուժերը, որոնք ժամանակին Ղարաբաղի հայերուն համար յատուկ կարգավիճակ կը պահանջէին, արդէն բոլորովին այլ յայտարարութիւններ կ՛ընեն: Մենք կը տեսնենք, որ Հայաստանի ղեկավարները, որոնք ժամանակին կ՛ըսէին` «Ղարաբաղը Հայաստան է», հիմա կը կրկնեն իմ խօսքերս. «Ղարաբաղը Ազրպէյճան է»: Այսինքն` այս ամէնը այն քաղաքականութեան արդիւնքն է, որ մենք կը վարենք վերջին 2,5 տարիներուն ընթացքին», ըսած է Ալիեւ:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Խորհրդարանի Նախագահը Խօսած Է Հայաստանի Հետ Խորհրդարանական Բարեկամական Խումբերու Ձեւաւորման Հաւանականութեան Մասին

Յաջորդը

Պաքուն Յայտարարած Է, Որ Վերահամարկման Հարցերը Քննարկելու Ղարաբաղին Ուղղուած Հրաւէրը Տակաւին Ուժի Մէջ Է

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.