Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Տեղեկահաւաքի բաժանմունքին հասած են տեղեկութիւններ, թէ զինեալներու ցանց մը թմրեցուցիչի մեծաքանակ վաճառք կը կատարէ Լեռնալիբանանի մէջ` թիրախ դարձնելով մեծ թիւով լիբանանցի երիտասարդներ, յատկապէս աշակերտներ եւ ուսանողներ:
Քաղաքացիական անվտանգութեան սպառնացող այս վտանգը հեռացնելու նպատակով, Ներքին ապահովութեան ուժերու Տեղեկահաւաքի բաժանմունքը այս տեղեկութիւններուն հիման վրայ կատարեց հետապնդումներ, որոնց շրջագիծին մէջ Հարաւային արուարձաններուն մէջ գտնուող զինեալներու այս ցանցը բացայայտեց եւ ապա ձերբակալեց այդ ցանցին բոլոր անդամները:


