Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Լիբանանի Քաղաքական Տագնապը Աւելի Խոր Է, Քան Նախագահական Ընտրութիւնը, Իսկ Նոր Նախագահը Կարելի Չէ Պարտադրել, Այլ` Համախոհութեան Ռազմավարութիւն Որդեգրել»

June 21, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ քրիստոնեայ քաղաքական ուժերուն միջեւ ներկայ համաձայնութիւնը սկիզբն է` աւելցնելով, որ ինք ոչինչ կը պարտադրէ, իսկ լիբանանցիները ենթադրուած են ուղղուիլ դէպի յստակ ծրագիրներու որդեգրում:

Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած գոյութենական պայքարը կարիքը ունի ռազմավարութիւններու մշակումին, ինչպէս նաեւ համախոհութեան:

Պասիլ նկատել տուաւ, որ իր առաջարկն է յանգիլ ներքին լիբանանեան փոխըմբռնումի գործիքակազմի մը` փակելու համար արտաքին միջամտութիւններու դռները:

Ան հաստատեց, որ կարելի չէ այս կամ այն թեկնածուին կառչած մնալ եւ մրցակցութիւնը սրել, որովհետեւ այդպիսով ոչ ոք տեղ պիտի հասնի:

Պասիլ ընդգծեց, որ կառավարութիւնը շիի երկեակին զօրակցութեամբ ինքնագլուխ որոշումներ կու տայ, իսկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի անհամբեր կը սպասէ, որ Կեդրոնական դրամատան Ա. փոխկառավարիչ Մանսուրի ստանձնէ կառավարիչի պատասխանատուութիւնները:

Ան հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ընթացիկ հարցերու կառավարութեան մը կողմէ սահմանադրութեան փոփոխութիւն կատարելը, որպէսզի լիբանանեան բանակի հրամանատարը հանրապետութեան նախագահ ընտրուի:

«Նոյնիսկ եթէ բանակի հրամանատարի անձին շուրջ միջազգային համաձայնութիւն գոյանայ, ես պիտի չարտօնեմ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը դառնայ ձախողութեան ենթակայ նախագահական ծրագիրին մէկ մասը», ըսաւ ան:

Պասիլ շեշտեց, որ ճիշդ է, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը իր ժողովրդականութենէն կորսնցուցած է, սակայն ան պիտի չարտօնէ, որ քրիստոնեայ քաղաքական ուժերուն համար քանդիչ ընտրանքները վերադառնան:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանի քաղաքական տագնապը աւելի խոր է, քան նախագահական ընտրութիւնը:

«Լաւագոյն լուծումը Լիբանանը արտաքին ուժերէն եւ միջամտութիւններէն զերծ կացուցելն է: Հանրապետութեան նոր նախագահը կարելի չէ պարտադրել, այլ` պէտք է համախոհութեան ռազմավարութիւն որդեգրել», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ նախկին նախագահ զօր. Միշել Աունի հանդիպումին` Պասիլ յայտնեց, որ Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու գոյութեան իմաստով Ասատ մեծագոյն դաշնակիցն է` աւելցնելով, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարին Ասատ ինք անձամբ ակնարկած է` հաստատելով, որ այդ իմաստով Սուրիա ոչ մէկ միջամտութիւն պիտի կատարէ:

Պասիլ շեշտեց, որ ինք չի հաւատար, որ Հըզպալլայի հետ իրենց ստեղծած 17 տարուան յարաբերութիւնն ու մտերմութիւնը մէկ տարուան ընթացքին ջնջուած է:

Պասիլ նկատել տուաւ նաեւ, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նկատմամբ վստահութիւն չկայ` աւելցնելով, որ Մեհրապի համաձայնագիրը ծանր հարուած ստացած է, երբ օրուան իշխանութեան հիմնական դաշնակից Սաատ Հարիրին լքուած է:

Միւս կողմէ, ան հաստատեց, որ ինք կտրականապէս կը մերժէ խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններ կատարելու ընտրանքը:

«Քրիստոնեայ համայնքի բաղադրիչներուն միջեւ համաձայնութեան յանգիլը պիտի ըլլայ սկիզբը, իսկ ապագային յաւելեալ  աշխատանք պիտի տարուի այդ իմաստով», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան 12-րդ նիստին ընթացքին կատարուած քուէարկութեան` Պասիլ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէջ խորհրդակցութիւններ կատարուած են եւ եզրակացութիւն գոյացած է քուէարկելու ի նպաստ Ժիհատ Ազուրի: Հետեւաբար կուսակցութեան որոշումին յանձնառու չգտնուողները հաշուետուութեան պիտի կանչենք», շեշտեց ան:

 

 

Նախորդը

Մուրթատա Վերշենինի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Հեռանկարները

Յաջորդը

Պու Սաապ. «Խորհրդարանական Կանխահաս Ընտրութիւններու Առաջարկով Ուզեցի Նախագահական Ընտրութեան Տեղքայլին Մէջ Շարժ Յառաջացնել»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.