Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 21, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 93.300 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.200 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 4000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 4000 լ. ոսկիով, մազութը` 13.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը նուազած է 20.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.654.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.696.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.413.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 820.000 լ. ոսկի:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐՈՒ միութիւնը երէկ գումարեց իր ընդհանուր ժողովը եւ որոշեց միութեան խորհուրդի անդամներուն պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը մէկ տարիով յետաձգել:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան տագնապին մանրամասնութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ նաեւ քաղաքապետական ընտրութիւնները կատարելու եւ բարեկարգումները գործադրելու անհրաժեշտութիւնը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նաամաթ Աֆրամ յայտնեց, որ նախագահական դատարկութեան փուլը սպաննող է, իսկ լուծումը հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնն է:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ Արաբիոյ դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշէ, թէ հինգշաբթի, 22 յունիս 2023-ին, դեսպանատան մէջ մատուցուելիք ընթրիքը կը կրէ «Յարատեւող դիւանագիտութիւն» խորագիրը եւ անիկա պիտի պատրաստուի ի պատիւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Մարուան Համատէ յայտնեց, որ Լիբանանի համար նշանակուած ֆրանսական նախագահական յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան իրեն հետ նոր նախաձեռնութիւն մը պիտի չբերէ` աւելցնելով, որ լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ Լը Տըրիանի հանդիպումները պիտի կեդրոնանան յստակ ծրագիրի մը վրայ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ վստահութիւն գոյութիւն չունի` աւելցնելով, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կառչած կը մնայ Ժիհատ Ազուրի թեկնածութեան:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ ֆրանսացի նախագահական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան յատուկ նախաձեռնութիւն մը չունի նախագահական ընտրութեան առումով: Ան պարզապէս հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ եւ անոնց միտքերը պիտի փոխանցէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ ազգային երկխօսութիւն կատարելու իմաստով իրենց արձակած կոչը կարելի է մեկնել իրենց յանձնառութենէն. ան աւելցուց, որ առանց լուծումներու կարելի չէ համաձայնութիւններու յանգիլ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Մարիոն Ուիթշիլթը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային մակարդակներու վրայ արձանագրուող քաղաքական զարգացումները:

 

Նախորդը

Պայտըն. «Փութինի Կողմէ Մարտավարական Հիւլէական Զէնքի Կիրարկման Վտանգը Իրական Է»

Յաջորդը

Մուրթատա Վերշենինի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Հեռանկարները

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.