Եւրոպական խորհրդարանը յունիսեան նստաշրջանի ընթացքին պիտի քննարկէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններու բարելաւման նիւթը:
Կ՛ենթադրուի, որ ատոր վերաբերեալ բացատրութիւններ պիտի ներկայացնէ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերու բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել: Ան այդ ընթացքին պիտի անդրադառնայ Բերձորի միջանցքի կացութեան:
«Ինթըրֆաքս-Ազրպէյճան» լրատու գործակալութեան համաձայն, այդ հարցերը կը նախատեսուի քննարկել այսօր` 13 յունիսին:


