Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բանակցային հոլովոյթին պէտք է աջակցիլ ու ջանքեր գործադրել խաղաղութեան համար: Այս մասին Պաքուի մէջ լրագրողներուն յայտնած է ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու սահմանապահ զօրքերու հրամանատարներու խորհուրդի փոխնախագահ, համակարգող ծառայութեան նախագահ, գնդապետ-զօրավար Ալեքսանտր Մանիլով:
«Հեռանկարներ միշտ կան, եւ միշտ պէտք է ատոր ձգտիլ», ըսած է Մանիլով:
Ան նշած է, որ Հայաստանի սահմանապահ ծառայութիւնը նոյնպէս մասնակցած է ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու սահմանապահ զօրքերու հրամանատարներու խորհուրդի 86-րդ նիստին, որ հինգշաբթի, 8 յունիսին տեղի ունեցած է Պաքուի մէջ:
«Յոյսով եմ, որ յաջորդ հանդիպումին, որ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ, ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Ազրպէյճանի պատուիրակութիւնը», աւելցուցած է ան:
Պաքուի մէջ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու սահմանապահ զօրքերու հրամանատարներու խորհուրդի 86-րդ նիստին մասնակցեցան Հայաստանի, Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի, Խըրխըզիստանի, Ուզպեքիստանի, Տաճիկիստանի, Թուրքմենիստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանապահ զօրքերու ներկայացուցիչները:


