Մայիսեան ընտրութիւններէն ետք տեղի ունեցած Թուրքիոյ անվտանգութեան խորհուրդի առաջին նիստի ընթացքին, այլ հարցերու կողքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն: Այս մասին հաղորդեց «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Նիստի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Սուրիոյ, Քոսովոյի եւ Սուտանի մէջ գոյութիւն ունեցող ճգնաժամային կացութիւններուն, ռուս-ուքրանական զինուորական գործողութիւններուն, սուրիացի գաղթականներու հարցին եւ այլն:
Նիստին վերաբերող հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Անգարան կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթը եւ կ՛ուզէ շուտափոյթ ստորագրութիւնը խաղաղութեան համաձայնագիրի, որ պիտի յանգեցնէ կովկասեան շրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան եւ կայունութեան:


