Չորեքշաբթի, 14 յունիս 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, խորհրդարանին գումարելիք նախագահական ընտրութեան նիստը կը մնայ առկայ, իսկ անոր զուգահեռ հանրապետութեան նոր նախագահ մը ունենալու անհաւանականութիւնը կը մնայ տիրական:
Նախագահական ընտրութեան նիստին քաղաքական ուժերու եւ երեսփոխանական պլոքներու քուէներու վերացական հաշուարկը, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւրին ընտրելիք թեկնածուին մասին պրպտումներն ու յստակացումները կը շարունակուին` ընտրական մթնոլորտը վառ պահելով:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս` նախագահական ընտրութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Կրիօ մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ իր կարգին նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ դեսպան Կրիոյի հետ:
Կրիօ նախարարութենէն մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
Հանդիպումէն ետք Պու Հապիպ լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ ֆրանսացի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի Լիբանան այցելութիւնը պիտի կատարուի նախագահական ընտրութեան վաղուան նիստէն ետք:
Պու Հապիպ յայտնեց, որ Կրիոյի հետ քննարկած է նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն վերաբերող խնդիրներ` վերահաստատելով Լիբանանի մերժումը ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն իրաւասութիւնները ընդարձակելու առաջարկին:
Պու Հապիպ նկատել տուաւ, որ Կրիօ յայտնած է նաեւ, թէ օգոստոս ամսուան ընթացքին նախատեսուած է, որ ան մեկնի Լիբանանէն` ստանձնելու համար Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան միջինարեւելեան հարցերու կեդրոնի վարիչի պաշտօնը:
Ան աւելցուց, որ Կրիոյէն ետք Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանի պաշտօնը պիտի ստանձնէ ներկայիս Անգարայի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն:


