«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մայեմի Հիթ, որ հիւրընկալեց Տենվըր Նակեթցը, անկէ կրեց 108-95 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Այս չորրորդ մրցումէն ետք, այժմ արդիւնքը կ՛ընթանայ ի նպաստ Նակեթցի` 3-1 արդիւնքով:
Յաղթական կազմէն Նիքոլա Եոքիչ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (23 կէտ եւ 12 ռիպաունտ), մինչ անոր խմբակից Աարոն Կորտըն նշանակեց 27 կէտ:
Իսկ Հիթէն 25 կէտ նշանակեց Ճիմի Պաթլըր:
Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունենալիք հինգերորդ մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ Տենվըրի մէջ, Նակեթց յաղթանակ մը արձանագրելու պարագային պիտի հռչակուի 2022-2023 տարեշրջանի ախոյեան:


