Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սփիւռքի Տարուան» Հռչակման Կարեւորութիւնը` Մտաւորական Մակարդակի Վրայ

June 6, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Անցեալ եւ ընթացիկ տարիները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ յատուկ հռչակագիրներով յայտարարուեցան «Սփիւռքի տարի»-ներ: Բայց այս ընթացիկ` երկրորդ տարուան առաջադրանքները որոշ չափով կը տարբերին առաջինէն, որովհետեւ եթէ առաջինի պարագային շեշտը դրուեցաւ աւելի սփիւռքեան կացութեան քննութեան վրայ, ապա երկրորդի պարագային շեշտադրումները աւելի գործնական բնոյթ ունին եւ կը մղեն մտածել սփիւռքի վերակազմակերպման մասին: Ճիշդ այս նպատակով ալ Արամ Ա. կաթողիկոս այս տարի հովուապետական բազմաթիւ այցելութիւններու նախաձեռնեց դէպի Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աշխարհատարած զանազան թեմեր` տեղւոյն վրայ ծանօթանալու համար իւրաքանչիւր հայագաղութի դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն:

Բնականաբար այս քանի մը էջերու շարադրանքին մէջ մեր նպատակը չէ ներկայացնել այդ հովուապետական այցելութիւնները կամ «Սփիւռքի տարի»-ի ծիրին մէջ տեղի ունեցած նախաձեռնութիւնները: Մեր հետաքրքրութիւնը մասնակի երեւոյթի շուրջ է եւ կը վերաբերի «սփիւռք» հասկացողութեան նկատմամբ մտաւորական անդրադարձին` 21-րդ դարու 3-րդ տասնամեակի ընթացքին: Նախ պէտք է սեւով սպիտակի վրայ ընդգծել, որ իրերայաջորդ երկու տարիներու` «Սփիւռքի տարի»-ներ հռչակումը վեհափառ հայրապետին կողմէ, մտածողութեան «ճահճացած ջուրեր»-ը շարժելու քայլ մըն էր, որ, այո՛, մինչեւ հիմա թէեւ իր գործնական դրսեւորումը չէ ունեցած կամ որոշակի շօշափելի արդիւնք չէ տուած, բայց կրցած է սփիւռքի մէջ հետզհետէ նօսրացող մտաւորական ուժերը մղել մտածելու «սփիւռք» երեւոյթին մասին: Սփիւռքահայ մտաւորականութեան նօսրացման ակնարկեցինք: Այս ալ ուրիշ հարց է, որ կը կուտակուի սփիւռքի դիմագրաւած այլեւայլ դժուարութիւններուն վրայ: Որովհետեւ հաւաքականութիւն մը, առանց մտաւորականութեան, աւելի արագ թափով կ՛ընթանայ դէպի ներքին մաշում…

Հռչակումը ինքնին քայլ մըն էր, որ գոյութիւն ունեցող սփիւռքահայ մտաւորական ուժերուն` խմբագիրներու, լրագրողներու, յօդուածագիրներու եւ հրապարակագիրներու առիթ ընձեռեց ազատօրէն արտայայտուելու մեր ազգային կեանքը յատկանշող եռամիասնութեան անքակտելի մասը հանդիսացող սփիւռքի հարցերը սեղանին վրայ դնելու: Սա շատ կարեւոր հոլովոյթ մըն է, որովհետեւ եթէ կը խօսինք Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման միջոցներուն մասին, անպայմանօրէն պէտք է մտածենք նաեւ մեր ազգային կեանքին մէջ սփիւռքի դերակատարութիւնը աւելի աշխուժացնելու եւ ներգործուն դարձնելու մասին, որովհետեւ մանաւանդ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանք եղող դասական սփիւռքը ինքնանպատակ հասկացողութիւն մը չէ մեր կեանքին մէջ, այլ կոչուած է իր նպաստը բերելու ընդհանուր ազգային հզօրացման աշխատանքին մէջ:

Բայց նաեւ նկատի պիտի ունենանք, որ դասական այս սփիւռքը ժառանգորդն է աւանդի մը, որ տարագիր հայութիւնը իրեն հետ տարած է դէպի աշխարհի զանազան ծագերը: Այդ ժառանգութիւնը արեւմտահայ դիմագիծը, մտածողութիւնը, գրականութիւնը, սովորութիւններն ու աւանդութիւնը, հայոց լեզուի արեւմտահայ ճիւղն են: Եւ ասոնց պահպանման համար ներկայիս կը պահանջուի գերճիգ թափել, այս նպատակով նաեւ անհրաժեշտութիւն կը զգացուի նորարար մտածողութեամբ նոր կառոյցներու, նոր հաստատութիւններու ստեղծման, այսպիսով ալ սփիւռքի աւելի քան հարիւրամեայ դրուածքին վերակազմակերպման մեկնարկը կատարելով:

Անշուշտ սփիւռքի վերաշխուժացման եւ վերակազմակերպման թեման բաւական յաւակնոտ թեմա մըն է: Մինչեւ հիմա երկու տարուան ընթացքին սփիւռքահայ մամուլին մէջ բաւական հրապարակումներ կատարուած են սփիւռքի դերակատարութեան վերարժեւորման նիւթով: Առանձին աշխատասիրութիւններ ալ լոյս ընծայուած են: «Սփիւռքի տարի»-ի հռչակման դրական երեւոյթներէն մէկն ալ այն էր, որ սփիւռքեան օրակարգը` իբրեւ ազգային օրակարգի մասնիկ, հանրային լայն քննարկման առարկայ դարձաւ ոչ թէ ընդհանուր ներազգային օղակէն անջատուելու միտումով, այլ` եռամիասնութիւնը ամրապնդելու նպատակով, ոչ թէ հայաստանակեդրոնութեան գաղափարին փոխարինող մեկուսացումի գաղափար մը առաջադրելու, այլ` համահայկականութիւնը ամրապնդելու շրջագիծին մէջ սփիւռքահայ ու արեւմտահայ առանձնայատկութիւնները շեշտելու նպատակով, որովհետեւ ասիկա այլեւս ներազգային անհրաժեշտութիւն մըն է:

Սփիւռքահայ մտաւորականութիւնը  սփիւռքը յուզող այս հարցերուն շուրջ պէտք է շարունակէ իր մտորումները արտայայտել: Վերջ ի վերջոյ «Սփիւռքի օրակարգ»-ի մը մշակումը եւ հանրային լայն քննարկման առարկայ դառնալը անհրաժեշտ գրաւականներէն մէկը կը հանդիսանայ նաեւ ազգային, համահայկական ընդհանուր օրակարգի մշակման ու ձեւաւորման: Ազգային եւ համահայկական ընդհանուր օրակարգ, որուն ձեւաւորումը խիստ անհրաժեշտութիւն մըն է ներկայիս, մանաւանդ` 2020-ի 44-օրեայ աղէտալի պատերազմէն ետք: Մտաւորականութիւնը այն ուժն է, որ կոչուած է ճշդելու ազգի ուղեցոյցը: Հետզհետէ նօսրացող թիւերով ներկայացող սփիւռքահայ մտաւորականութիւնն ալ կրնայ դառնալ այն փարոսը, որ պիտի ձեւաւորէ հայկական սփիւռքի վաղուան մեր տեսլականը: Ահա այս պրիսմակէն պէտք է դիտել մտաւորականութեան դերակատարութեան կարեւորութիւնը` սփիւռքի վերակազմակերպման աշխատանքին մէջ:

 

 

Նախորդը

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ ԼՊՄ ԸՎՄ-ին. «Պատանիներ Արցախի Համար» Առցանց Հանդիպում

Յաջորդը

«Ֆորմիւլա-1». Մաքս Վերսթափեն Յաղթական` Սպանիոյ Կրան Փրիին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.