Արաբական լիկայի անդամ երկիրներու ղեկավարները երէկ երեկոյեան ուղղուեցան Սէուտական Արաբիոյ արեւմուտքը գտնուող Ժետտա քաղաք, ուր այսօր կէսօրին կը գումարուի Արաբական 32-րդ վեհաժողովը, որուն պիտի մասնակցի նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ:
«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին կայքը կը գրէ, որ վեհաժողովը կը գումարուի արտակարգ պայմաններու մէջ, երբ շրջանն ու աշխարհը կը դիմագրաւեն տագնապներ, շրջանային ու միջազգային հակամարտութիւններ, որոնք արաբական երկիրներուն կը ստիպեն գտնել մեքանիզմներ, որոնց միջոցով կը կարենան միասնաբար դիմակայել եւ պահպանել ու ամրապնդել շրջանային կայունութիւնը, ինչ որ հրամայական կը դարձնէ Արաբական լիկայի հովանիին տակ քաղաքական համակարգումի մեքանիզմներու զարգացումը:
Արաբ արտաքին գործոց նախարարները չորեքշաբթի օր գումարեցին վեհաժողովի նախապատրաստման ժողով մը, որուն ընթացքին Սէուտական Արաբիան պաշտօնապէս Ալճերիայէն ստանձնեց վեհաժողովի նախագահութիւնը:


