Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Չեմփիընզ Լիկ». Հենրիխ Մխիթարեան Վիրաւորուեցաւ Եւ Չկրցաւ Մրցումը Շարունակել

May 18, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինթեր Միլան 13 Տարի Ետք Դարձեալ
Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի դարձի առաջին մրցումին, որ եղաւ զուտ իտալական, իրարու դէմ մրցեցան Միլանօ քաղաքի երկու կազմերը` Ինթեր Միլան եւ Ա. Սէ. Միլան, «Ճիուզեփփէ Մէացցա» մարզադաշտին մէջ:

Ինչպէս ծանօթ է, երթին, Սիմոնէ Ինցակիի գլխաւորած կազմը` Ինթեր, արձանագրած էր 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:

Հետեւաբար, ասկէ մեկնելով, ճնշումը բնականաբար պիտի ըլլար Ա. Սէ. Միլանի կողմէ, որ պիտի պայքարէր` մրցաշարքէն դուրս չմնալու համար:

Երկուստեք թէեւ յարձակումներ կազմակերպուեցան, սակայն Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ ճերմակ հաւասարութեամբ մը:

Նախքան Ա. կիսախաղին դադարը տրուիլը, Ինթերին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան վիրաւորուելով (43-րդ վայրկեանին) մրցումը չկրցաւ շարունակել:

Նշենք սակայն, որ Մխիթարեան այսպիսով կը հանդիսանայ առաջին հայ ֆութպոլիստը, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ այս մրցաշարքի աւարտականին:

Մրցումին 74-րդ վայրկեանին, Մխիթարեանի խմբակից, արժանթինցի Լաութարօ Մարթինեզ նշանակեց այս ճակատումին միակ կոլը, այսպիսով իր կազմին ապահովելով աւարտականի տոմս մը:

Այդ կոլին էսիսթը կատարեց պելճիքացի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքու, որ դաշտ ներկայացած էր 66-րդ վայրկեանին:

Այսպիսով, Ինթեր Միլան 13 տարուան բացակայութենէ մը ետք, դարձեալ ապահովեց աւարտականի իր տոմսը:

Անիկա իր պատմութեան մէջ 6-րդ անգամ ըլլալով, պիտի մասնակցի աւարտական մրցումին:

Վերջին անգամ Ինթեր 2009-2010 տարեշրջանին մասնակցած էր աւարտական մրցումին, երբ փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորութեամբ Պայէրն Միւնիխի դէմ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով տիրացած էր տիտղոսին:

Ներկայ դրութեամբ, 10 յունիսին տեղի ունենալիք աւարտական մրցումին վայրը կը մնայ Պոլիսը:

Սակայն, ըստ շրջան ընող լուրերուն, «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ն շատ հաւանաբար փոխէ մրցումին վայրը (կը խօսուի Փորթուգալի մասին), եթէ պատահի, որ Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւնը, արգելք հանդիսանայ անոր հոն կայացման:

 

 

Նախորդը

Ժորա Այվազեան Պայմանագրութիւն Մը Կնքեց «Պելլաթոր»-ի Հետ

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Չի Բացառեր Վրաստանի Դէմ Յաւելեալ Քայլերու Որդեգրումը

RelatedPosts

ՀՄԸՄ Պէյրութ` Դ. Դասակարգի Ախոյեան
Մարզական

ՀՄԸՄ Պէյրութ` Դ. Դասակարգի Ախոյեան

October 5, 2026
Ասիական Խաղեր.  Շայէպ Պրոնզ Մետալ Շահեցաւ
Մարզական

Ասիական Խաղեր. Շայէպ Պրոնզ Մետալ Շահեցաւ

October 5, 2026
Սամպօ.  Հայաստան Լաւ Ձեւով Սկսաւ Աշխարհի Ախոյեանութիւնը
Մարզական

Սամպօ. Հայաստան Լաւ Ձեւով Սկսաւ Աշխարհի Ախոյեանութիւնը

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.