Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Ազգ» դաշինքին կողմէ առաջադրուած նախագահի թեկնածու, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըչտարօղլուն «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով դիմած է ժողովուրդին: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմենիիհապեր»-ը:
«Սիրելի՛ ժողովուրդ, երէկուընէ անդադար կ՛աշխատինք: Յուսահատութեան մէջ չիյնանք: Ես անսասան պիտի մնամ: Ձեզ պիտի ըսեմ այն ամէնը, ինչ որ կատարուած է:
«Այնուհետեւ ոտքի պիտի կանգնինք եւ միասնաբար պիտի յաղթենք այս ընտրութիւններուն: Ամէնէն վերջը պիտի ըլլայ այնպէս, ինչպէս պիտի ըսէ մեր ազգը», գրած է ընդդիմադիր թեկնածուն:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ 14 մայիսի նախագահական ընտրութեան արդիւնքներուն հիման վրայ նախագահի թեկնածուներէն ո՛չ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն, ո՛չ ալ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը յաջողած է ստանալ 50 առ հարիւր + 1 քուէ, այդ պատճառով ալ նախագահական ընտրութիւնները տեղափոխուած են 2-րդ փուլ, որ տեղի պիտի ունենայ 28 մայիսին:


