Վերջերս Վրաստանի մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական մարմնամարզութեան «Քեթի Քափ-2023»-ի միջազգային մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի տարածքէն աւելի քան 350 երկսեռ մարմնամարզիկներ:
Մասնակցող երկիրներուն կարգին էին նաեւ Հայաստան, Լիբանան, Ուքրանիա, Վրաստան, Ղազախստան, Թուրքմենիստան, Թուրքիա, Ազրպէյճան եւ ուրիշներ:
Միջազգային մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին հովանաւորութեան տակ տեղի ունեցած այս Ա. կարգի միջազգային մրցաշարքին, 11 տարեկան Սերաֆինա Սերոբեան եկաւ բարձր պահելու լիբանանահայութեան անունը, երբ իր ունեցած բացառիկ ելոյթներուն շնորհիւ բարձրացաւ պատուոյ հարթակ` գրաւելով երկրորդ պատուաբեր դիրքը եւ տիրանալով արծաթ մետալին:
Նշենք, որ Լիբանանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին կազմակերպած 2022-ի ախոյեանութեան, Սերաֆինա Սերոբեան, որ մաս կը կազմէ Ճիմպօ ակումբին, տիրացած է չորս ոսկի մետալի:
Կը շնորհաւորենք Սերաֆինան ու անոր ծնողքը` ձեռք բերուած այս բացառիկ նուաճումին համար:


