Կ՛աջակցինք Հայաստանին եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան: Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Անտրիա Վիքթորին:
«Սիւնիքի մէջ 55 միլիոն եւրոյի աջակցութիւն տրամադրած ենք, որով յստակ ազդակ կ՛ուղարկենք, թէ աջակցինք Հայաստանին եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան», ըսած է ան:
Անդրադառնալով Փաշինեան-Ալիեւ-Միշել հանդիպումին` Վիքթորին ընդգծած է. «Եւրոպական Միութիւնը յանձնառու է եւ պատրաստ աջակցելու Հայաստանին ու Ազրպէյճանին յարատեւ եւ խաղաղ լուծում գտնելու ճամբուն վրայ, ինչ որ ոչ միայն խաղաղութիւն պիտի ապահովէ, այլ նաեւ այս շրջանին մէջ կայունութիւն պիտի երաշխաւորէ»:
Ան նաեւ յայտարարեց. «Յոյսով եմ, որ երկու կողմերն ալ իրենց զօրքերը պիտի հանեն եւ բոլորը պիտի անցնին սահմանազատման ու սահմանագծման աշխատանքներուն: Յստակ նշուած է, որ մէկ-երկու կէտ կայ, ուր հայկական զօրքերն են, ըսենք, սահմանային տարածքներուն մէջ, եւ շատ յստակ սահմանազատում ու սահմանագծում պէտք է ըլլայ: Ատիկա եղած է պրիւքսելեան ձեւակերպումը», նշած է Վիքթորինը:
Թէ ո՛ր հատուածներուն մասին է խօսքը, Վիքթորին չյստակացուց` ըսելով, որ մանրամասնութիւններուն ծանօթ չէ եւ ատիկա լսած է բանակցութիւններէ:
Վիքթորին յայտնած է. «Պրիւքսելի հանդիպումի ընթացքին բարձրացուած է Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցը: Քանի մը անգամ ընդգծուած է, որ քննարկման առարկայ է նաեւ Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ քննարկումներու հարցը:
«Շարլ Միշելի յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պէտք է երաշխաւորուին: Ասիկա նոյնպէս կ՛ենթադրէ յառաջիկային լրացուցիչ քայլեր: Կայ այդ ընկալումը, որ միջազգային մեքանիզմ մը պէտք է, սակայն մենք պէտք է աշխատինք զայն ձեւաւորելու ուղղութեամբ եւ բոլոր կողմերու հետ համաձայնեցանք: Հետեւաբար, աշխատանք կայ կատարելիք», ըսած է ան:
«Ինչ կը վերաբերի վերջերս տեղի ունեցած դաժանութիւններուն, եթէ խօսքը Սոթքի մասին է, անոնք (Եւրոպական Միութեան դէտերը, «Ա.») այնտեղ ներկայ չեն եղած, սակայն սահմանին բաւական զգալի երկայնքի վրայ ներկայ են:
«Անոնք ցանկութիւն չունին յայտնուելու այնտեղ, ուր բան մը տեղի կ՛ունենայ, անոնք մշտադիտարկում եւ արձանագրում կը կատարեն իրենց տեսածին շուրջ, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ մեքենայական կերպով կրնան յայտնուիլ կէտի մը մէջ, ուր բան մը տեղի կ՛ունենայ», նշած է Վիքթորին:
Ան աւելցուցած է, որ Եւրոպական Միութեան դէտերը հաշուետուութիւնները ո՛չ Հայաստանին կը ներկայացնեն, ո՛չ ալ Ազրպէյճանին, այլ կը հաղորդեն Պրիւքսելին:
Աւելի ուշ, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը պարզաբանում տրամադրեց դիտորդներու մասին դեսպանին յայտարարութեան վերաբերեալ` խնդրելով օգտագործել այս թարգմանութիւնը. «Զեկուցումները չեն տրամադրուիր Հայաստանին: Անոնք չեն տրամադրուիր Ազրպէյճանին եւ չեն տրամադրուիր Հայաստանին: Սակայն, որովհետեւ առաքելութեան կ՛ուղղորդեն Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան սպաներ, հայկական կողմը լաւատեղեակ է, թէ անոնք (դէտերը) ի՛նչ կը տեսնեն:
«Բնական է, որ անոնք ամէն տեղ չեն կրնար ըլլալ: Ուստի, անոնք կրնան միայն դիտորդութիւն կատարել եւ այնուհետեւ զեկուցել Պրիւքսել: Սակայն չեն կրնար զեկուցել այն, ինչ որ չեն տեսած: Ինչ որ բաւական տրամաբանական գործօն է: Անոնք ներկայ չեն եղած «հողի վրայ» վերջին ներխուժման եւ բախումներուն ժամանակ… երբ ներխուժումը տեղի ունեցաւ: Սահմանը բաւական երկար է, եւ գոյութիւն ունի պարեկութեան ժամանակացոյց:
«Միեւնոյն ժամանակ, նպատակը այն չէ, որ անոնք պէտք է ներկայ ըլլան, երբ տեղի կ՛ունենան պատահարներ: Անոնք դիտորդութիւն կը կատարեն սահմանի երկայնքին եւ կը տեսնեն այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ սահմանին շուրջ, սակայն ատիկա չի նշանակեր, թէ անոնք ճիշդ այն վայրն են, ուր տուեալ պահուն բան մը տեղի կ՛ունենայ»:


