Ազրպէյճանի իշխանութիւնները, Լաչինի միջանցքին անցակէտ տեղադրելու անօրինական գործողութենէն ետք, կ՛արգիլեն Կարմիր խաչի փոխադրակառքերուն տեղաշարժը եւ հիւանդներու տեղափոխումը միջանցքով: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, իրավիճակի մասին ահազանգած է Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան:
«Անցակէտ տեղադրելէ ետք Ազրպէյճանը ամէն կարելի ձեւով կը խափանէ Կարմիր խաչի գործունէութիւնը Արցախի մէջ: Արդէն 11 օր է` Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն չի կրնար առողջական ծայրայեղ վիճակի մէջ գտնուող հիւանդները տեղափոխել Հայաստանի բժշկական հաստատութիւններ», թուիթըրեան իր էջին մէջ գրած է Ստեփանեան:
Ազրպէյճանական կողմը 23 ապրիլին սահմանային անցակէտ տեղադրած է Հակարի գետին վրայ կառուցուած կամուրջին վրայ: Պաքուէն յայտարարած են, որ անցակէտի տեղադրման մասին տեղեկացուցած են ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութեան եւ ռուս-թրքական դիտարկումի կեդրոնին:


