Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ խորհրդարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան Արաբական լիկային կողմէ տրուած որոշումները, որոնց շրջագիծին մէջ Պու Սաապ շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք չէ ուշանայ սուրիական պետութեան հետ վերահաստատելու իր յարաբերութիւնները, որոնք սառած էին լիբանանեան ներքին տարակարծութիւններուն պատճառով, որոնք պատճառ դարձան հսկայ կորուստներու, յատկապէս լիբանանեան տնտեսութեան համար:


