Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորէն ստացաւ 19 մայիսին Ժետտայի մէջ նախատեսուած Արաբական 32-րդ վեհաժողովին մասնակցելու պաշտօնական հրաւէր մը:
Սալման թագաւորին հրաւէրը Սուրիոյ նախագահին յանձնուեցաւ Յորդանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Նայեֆ Սատիրիի ձեռամբ:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ թագաւորութիւնը «որոշեց վերականգնել Սուրիոյ մէջ իր դիւանագիտական առաքելութեան աշխատանքը»` նշելով, որ «միացեալ արաբական աշխատանքի զարգացման» պիտի ձգտի:
ՍԱՆԱ իր կարգին, մէջբերելով Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը, հաղորդեց. «Սուրիան որոշեց վերականգնել Սէուտական Արաբիոյ մէջ իր դիւանագիտական առաքելութեան աշխատանքը»:


