Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար բացայայտեց, որ Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ, Ռուսիոյ, Իրանի եւ Սուրիոյ միջեւ ապահովական հարցերու վերաբերեալ համակարգումի կեդրոնի ստեղծման շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է:
Աքար այս մասին յայտնեց` մեկնաբանելով 25 ապրիլին Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ, Իրանի, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարներուն միջեւ գումարուած քառակողմ հանդիպումը:
«Ժողովի աւարտին արծարծեցինք Սուրիոյ մէջ ստեղծումը ապահովական համակարգումի կեդրոնի մը` զարգացումները անմիջապէս քննարկելու համար: Այս հարցին շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցինք», ըսաւ Աքար:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը յայտնեց, որ իր երկիրը այլեւս անկարող է տոկալ սուրիացի գաղթականներու նոր հոսքի մը դիմաց` աւելցնելով, որ Անգարան «ինքզինք Սուրիա ներխուժող չի նկատեր», ինչ որ շեշտած է 25 ապրիլի ժողովի ընթացքին:


