Կիրակի Օր Սուրիոյ Վերադարձի Հարցով
Արաբական Լիկայի Յատուկ Նիստ
Արաբական լիկան կիրակի օր արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով Սուրիոյ եւ Սուտանի հարցերուն շուրջ երկու արտակարգ նիստեր պիտի գումարէ: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը:
Դիւանագէտ մը ֆրանսական լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Որոշուեցաւ կիրակի օր արաբ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով Արաբական լիկայի երկու արտակարգ նիստեր գումարել»: Ան աւելցուցած է, որ առաջին նիստը պիտի յատկացուի սուրիական տագնապի զարգացումներու եւ Սուրիոյ` Արաբական լիկա վերադարձի հարցերու քննարկման, իսկ երկրորդ նիստի ընթացքին պիտի քննարկուի Սուտանի մէջ ընթացող պատերազմը:
Միւս կողմէ, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ, «Շարք» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանելով 19 մայիսին Ռիատի մէջ Արաբական վեհաժողովէն առաջ Սուրիոյ Արաբական լիկա վերադարձի մասին հարցումի մը, ըսաւ. «Մեկնելով մեր նկատած աշխատանքներէն, հաղորդակցութիւններէն ու աշխուժ քայլերէն` Սուրիոյ վերադարձը շատ հաւանական կարելիութիւն է»:
Ան ըսաւ, որ ատիկա «պէտք է տեղի ունենայ փուլային ձեւով. կը սկսի ժողովով ու քննարկումով, ապա (Արաբական լիկայի անդամներուն միջեւ) համաձայնութեամբ, որմէ ետք Սուրիոյ հրաւէր կ՛ուղղուի: Ատկէ ետք Սուրիան կու գայ եւ կը մասնակցի որեւէ այլ նախարարական ժողովի եւ կը վերամասնակցի Արաբական լիկայի բոլոր աշխատանքներուն»:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը, սակայն, նշեց, որ այն ինչ որ կրնայ այդ մէկը արգելակել «Դամասկոսի լիկա վերադարձը յետաձգող մեծ դէպք մըն է»:
Յիշեցնենք, որ Յորդանանի, Սէուտական Արաբիոյ, Իրաքի, Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարները երկուշաբթի օր Ամմանի մէջ խորհրդակցական ժողովի ընթացքին յայտարարեցին, որ համաձայնութիւն գոյացուցած են միջազգային ընտանիքին հետ աշխատելու սուրիական կառավարութեան կողմէ դրական քայլերուն դիմաց դրական քայլեր որդեգրելու եւ քայլ առ քայլ դէպի սուրիական տագնապի քաղաքական լուծում ուղղուելու:
Անոնք նաեւ կոչ ուղղեցին աջակցելու Դամասկոսի` զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու սուրիական հողերու վրայ ներկայութեան վերջ տալու ջանքերուն:


