Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Ընդդիմութիւնը Սոյլուի Պաշտօնազրկումը Կը Պահանջէ

May 4, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու Թուրքիոյ մեծ վէճ յառաջացուցած է, երբ քանի մը օր առաջ 14 մայիսին նախատեսուած նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները կոչած է «յեղաշրջումի փորձ»` զայն նմանցնելով 15 յուլիս 2016-ի իրադարձութեան: Այս մասին հաղորդեց «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:

Սոյլու այս մասին յայտարարած է Պոլսոյ մէջ ընտրական հաւաքի մը ընթացքին, ապա այդ յայտարարութիւնը զետեղած «Թուիթըր»-ի իր պաշտօնական էջին վրայ:

Խորհրդարանական ընտրութիւններուն  Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն թեկնածու Սոյլու զայրացուցած է Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը, որ կը ղեկավարէ ընդդիմադիր «վեցանկիւն սեղան» դաշինքը, որուն նախագահական թեկնածուն կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըչտարօղլուն է:

Քեմալական կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքի փոխնախագահ Էնկին Էօզքիւչ պահանջեց պաշտօնազրկել ներքին գործոց նախարարը` նախագահական ընտրութեան կամ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ ընդդիմութեան հաւանական յաղթանակը «Արեւմուտքի աջակցութիւնը վայելող քաղաքական յեղաշրջման փորձ» կոչելուն համար:

Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն մէկէ աւելի աղբիւրներ «Արապիա»-ին յայտնած են, որ այդ պահանջին պատճառը այն է, որ Սոյլու «մեծ դերակատարութիւն ունի ընտրութիւններուն մէջ, որովհետեւ ներքին գործոց նախարարութեան պարտականութիւնն է պաշտպանել ընտրական կեդրոններն ու քուէատուփերը, եւ երաշխաւորել երկրին մէջ խաղաղութիւնը, ներառեալ ընտրութիւններու օրը»:

Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը նաեւ ընտրական կեղծիքներու եւ ընտրութեան արդիւնքները կեղծուելուն նկատմամբ մտավախութիւն կը յայտնէ:

 

 

 

Նախորդը

Կռփամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Ռաֆայէլ Յովհաննիսեանի Յաղթական Մեկնարկը

Յաջորդը

Իրանի Նախագահը Դամասկոսի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Սուրիոյ Նախագահին Հետ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.