Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոմս. Պէ՞տք Է, Պէտք Չէ՞…

May 3, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Մասնաւո՛րաբար 44-օրեայ պատերազմէն ետք Նիկոլ Փաշինեան շահեցաւ «դաւաճան» տիտղոսը: Այս որակումը յաւելեալ ազդակ մը եղաւ, որ հայութեան մէջ արդէն իսկ ստեղծուած երկփեղկումը մտրակահարուի եւ նոր վիհեր «նուաճէ»:

Երբ ընդդիմադիր մը կամ իրականութիւնները իրենց ճիշդ պատկերով տեսնող մը դաւաճան կոչելով կը մեղադրէ Փաշինեանը, ՔՊ-ականներ, իշխանութեան համակիրներ ջղագրգիռ վիճակ կը ստանան, կարծէք թէ ըլլային ցուլ մը, որուն աչքերուն դիմաց մէկը կարմիր լաթ կը շարժէ: Կը հակազդեն, որ պէտք չէ նման որակումներ կատարել, իսկ քննադատները կը պնդեն, որ պէ՛տք է իրականութիւնները կոչել իրենց ճիշդ անունով:

Մեր այս տողերուն նպատակը այդ որակումին ճիշդ կամ սխալ ըլլալը քննարկել չէ: Մեր ժողովուրդը ամէն օր կը տեսնէ, թէ այս վարչախումբին պետը եւ գործակիցներու նեղ շրջանակը ամէն օր ինչպիսի՜ ապացոյցներ, ինքնախոստովանութիւններ եւ վկայութիւններ ի յայտ կը բերեն` արդարացնելով յիշեալ որակումը:

Բա՜յց… կայ տրամաբանութիւն մը, ըստ որուն, իսկապէս որ պէտք չէ «դաւաճան» որակումը փակցնել Փաշինեանի ու անոր կողքին քալողներուն:

«Ի՞նչ է եղեր այդ տրամաբանութիւնը», պիտի հարցնես, ընթերցո՛ղ:

Ետ երթանք քանի մը տասնամեակ:

Խորհրդային` Պրեժնեւի տարիներուն, Հայաստանէն սպրդած էր հետեւեալ զուարճալիքը:

Մարդ մը, զայրացած` համայնավարներու ստեղծած վիճակէն, օր մը կ՛ուղղուի Երեւանի կեդրոնական հրապարակին վրայ, ուր այդ օրերուն կար Լենինի արձանը. ճի՛շդ այդ արձանին տակ կանգելով, ամբողջ ուժով կը բղաւէ. «Պրեժնեւը տխմարին մէկն է»: (Պատմող մը «տխմար» եզրին տեղ գործածած էր բառ մը, որ կարելի չէ հոս արձանագրել): Կը ձերբակալեն, կը տանին ՉԵԿԱ-ի կեդրոնը, կը հարցաքննեն, կը դատեն: Դատաւորը կ՛արձակէ վճիռը. «Տասը տարի եւ մէկ ամիս բանտարկութիւն»: Մարդը բնականաբար կը շշմի, սակայն շուտով ուշքի գալով` կը հարցնէ. «Տասը տարին` հասկցանք, սա յաւելեալ մէկ ամի՞սը ինչու է»:

Կը բացատրեն. «Մէկ ամիսը` ականաւոր անձ մը վարկաբեկելուդ համար, իսկ տասը տարին… պետական գաղտնիք մը բացայայտած ըլլալուդ համար»:

Մի՛ հարցներ, ընթերցող, թէ հիմա Հայաստանի մէջ պետական գաղտնիքներ կա՞ն, թէ՞ իշխանականները, կրօնաւոր չըլլալով հանդերձ, «բաց պատարագ» կը մատուցեն:

25 ապրիլ 2023

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Ֆրանչիսկոս Պապը «Հրամանատար Ասպետ»-ի Շքանշանով Պարգեւատրեց Իրաւաբան Արսէն Դանիէլեանը

RelatedPosts

«Փոխակերպուող Հայաշխարհ». Ինչպէ՞ս Անհամաժամանակ Փոփոխութիւնները Ծառայեցնել Կենսունակ Շարունակականութիւն Ստեղծող Կարողութեան
Անդրադարձ

«Փոխակերպուող Հայաշխարհ». Ինչպէ՞ս Անհամաժամանակ Փոփոխութիւնները Ծառայեցնել Կենսունակ Շարունակականութիւն Ստեղծող Կարողութեան

October 15, 2026
Տօներուն Մեծագոյնը` Թարգմանչացը
Անդրադարձ

Տօներուն Մեծագոյնը` Թարգմանչացը

October 15, 2026
«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…
Անդրադարձ

«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.