Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարեպաշտ Լենա Գասարճեան-Եարտըմեանի Յիշատակին

April 29, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Ասկէ շուրջ քառասուն օր առաջ իր ընտանիքէն, հարազատներէն, բարեկամներէն եւ ընդհանրապէս անմիջական շրջանակէն հեռացաւ ազնուահոգի, կենսունակ, գործունեայ եւ նուիրեալ հայուհի մը` յանձինն Լենա Գասարճեան-Եարտըմեանին, կողակիցը` գաղութիս սիրուած եւ յարգուած ազգային, հայրենասէր ու գործարար` Հայկազ Եարտըմեանին:

Հանգուցեալին բազմաթիւ ծանօթներու համար տիկ. Լենային վաղահաս կորուստը խոր ցաւ պատճառեց` նկատի ունենալով անոր ժրաջանութիւնը, պատրաստակամութիւնն ու նուիրուածութիւնը հայկական կեանքին իր գործօն մասնակցութիւններով, աշխատանքով, զոհաբերութիւններով, որոնք մեծապէս կը գնահատուէին բոլորին կողմէ:

Ան շրջանաւարտ էր Հայ աւետարանական քոլեճէն, իսկ համալսարանական ուսումը շարունակած է Պէյրութի աղջկանց քոլեճին մէջ (BCW, ներկայիս` LAU) եւ շրջանաւարտ դառնալէ ետք բազմաթիւ տարիներ մաս կազմած էր վարժարանին Շրջանաւարտից միութեան` մերթ անդամ, մերթ ատենապետի հանգամանքներով, նախ մաս կազմելով Հայ աւետ. կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինին` ծաւալելով արդիւնաւէտ գործունէութիւն:

Լենա Գասարճեան-Եարտըմեանին յարանուանական կրթական մարզերուն մէջ գործունէութեանց զուգահեռ, ան այնքան ջանադրութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ գործած է նաեւ այլ ազգային կառոյցներու մէջ, ինչպէս` Ս. Էջմիածնի Կրօնասիրաց տիկնանց համախմբում, բազմամեայ անդամակցութեամբ եւ արժանաւորութեամբ, Ազունիէի Ազգային բուժարան դարձեալ երկար ժամանակով եւ աշխուժ ներկայութեամբ:

Յիշեցնենք նաեւ, որ ան իր դպրոցական տարիներէն սիրուած էր բոլորին կողմէ` իր կենսունակութեամբ եւ ոգեւորութեամբ եւ արդիւնագործութեամբ: Հոն, ուր գործ կար, ներդրում պէտք էր կամ  ներուժ կը փնտռուէր, միշտ ինքզինք առաջին գիծի վրայ էր, բնաւորութիւն մը, որ հետագային ալ  օգտակար դարձաւ իր շրջապատին մէջ:

Այս բոլորին մէջ տիկ. Լենան միշտ ճանչցուած էր իր ազնուութեամբ, անկեղծութեամբ ու պարկեշտութեամբ, բայց մանաւանդ` իր անվարան, անհաշիւ եւ անսահման օգնութիւններով, ջերմապէս հաւատացած ըլլալով իր բերած նպաստին եւ օժանդակութեանց անհրաժեշտութեան, այնքան ատեն որ անոնք կը ծառայեն հայ ժողովուրդի կարիքներուն, հայորդիներու վիճակի բարելաւման եւ բարօրութեանց:

Հայաստանը եւ Ս. Էջմիածինը իրեն համար հանդիսացած էին սրբութիւններ, ուր յաճախ կ՛այցելէր ուխտագնացութեան կարգով, հոն եւս գտնելով իր հոգեկան անդորրութիւնը:

Հայկազ ու Լենա Եարտըմեանները բախտաւորուած էին զոյգ զաւակներով` Հրաչ ու Քարլա, որոնք իրենց բոյները կազմած են եւ իրենց ասպարէզային կեանքին մէջ` յաջողած, նաեւ հոգեպէս փարած իրենց ծնողներուն` անհուն սիրով ու պաշտամունքով:

Հայկազ Եարտըմեան` ըլլալով հոգատար ամուսին ու հայր, իսկ Լենան` գուրգուրոտ կողակից ու մայր, կրցած էին իրենց սիրալիրութեամբ օրինակելի կեանք մը ստեղծել` հաւատքի ու հայրենասիրական հոյակապ մթնոլորտով մը  իրենց բնակարանը վերածելով օրհնաբեր եւ իտէալական ընտանեկան հնոցի մը:

Այսօր մեկնած է Լենա Գասարճեան-Եարտըմեանը, իր սիրեցեալներէն` ակամայ հեռացած, բայց իր ոգին կը սաւառնի ընտանեկան կամարներուն վերեւ ու համայն զինք ճանչցողներուն հոգիներուն մէջ, որովհետեւ Լենային բոյրն ու շունչը տակաւին ամէնուրեք են, իսկ անոր բացակայութիւնը` անպայմանօրէն զգալի:

Հայկազ Եարտըմեան եւ իր զաւակներն ու  թոռնիկները աւելի քան ինքնագոհութեամբ կը համակուի` ի լուր իրենց սիրոյն, խնամքին ու զօրակցութեան` հանդէպ իրենց կնոջ, մօր ու մեծ մօր, շրջապատելով զայն մեծ գուրգուրանքով, ամբողջ հիւանդութեան ընթացքին:

Աստուած հոգին լուսաւորէ Լենային եւ երկնային մխիթարութիւն` անոր բոլոր հարազատներուն, զաւակներուն ու մանաւանդ Հայկազին, որ իր սփոփանքը պիտի գտնէ իր սիրեցեալ զաւակներուն, թոռներուն, հարազատներուն մօտ, նաեւ` այն բոլոր սերտ գործակիցներուն ու մտերիմ բարեկամներուն, որոնք իր մէջ տեսած են մարդկային առաքինութիւններով ու բարեմասնութիւններով ազգայինը:

Պէյրութ

Նախորդը

Բարի Եւ Ժողովուրդին Ծառայած Համբոյին Յիշատակին

Յաջորդը

Յինանց Կիրակիներ. Աշխարհամատրան Կամ Կանաչ Կիրակի Եւ Կարմիր Կիրակի

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.