Թուրքիան արձագանգած է Երեւանի մէջ տեղադրուած աղբիւր-յուշակոթողին, որ նուիրուած է «Նեմեսիս» գործողութեան հերոսներու յիշատակին:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած է այս քայլը` զայն որակելով «սադրիչ»: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Անատոլու» պետական լրատու գործակալութիւնը:
«Նման սադրիչ քայլերը, որոնք չեն համապատասխաներ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի ոգիին, ոչ մէկ կերպ պիտի նպաստեն շրջանին մէջ կայուն եւ տեւական խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ջանքերուն: Ընդհակառակն, անոնք բացասաբար պիտի անդրադառնան կարգաւորման հոլովոյթին վրայ», զգուշացուցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Հայոց ցեղասպանութիւնը կազմակերպած եւ գործադրած Երիտասարդ թուրքերու պարագլուխներէն, ինչպէս նաեւ 1918 թուականի Պաքուի հայերու ջարդի կազմակերպիչներէն վրէժ լուծելու «Նեմեսիս» գործողութեան որոշումը տուած է 1919 թուականին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ-ի 9-րդ Ընդհանուր ժողովը:


