Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անմահ Ազգ

April 28, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԼԻՆ ԱՅԱՆԵԱՆ

20-րդ դարու մարդկային ամենամեծ անարդարութեան` Թուրքիոյ կազմակերպած Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով, ջարդուեցան աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայեր:

Այս անմարդկային ոճրագործութեան պատճառով միլիոնաւոր հայեր կորսնցուցին իրենց ընտանիքները, տուները, հայրենիքը:

Ամբողջ հայ սերունդ մը քայքայուեցաւ: Հազարաւոր երեխաներ դարձան անտէր որբեր: Այս երեխաները հայուն միակ ապագան ու ժառանգորդն էին, միակ յոյսը` հայութեան գոյատեւման:

Հայոց ցեղասպանութենէն ետք հազարաւոր որբեր կրցան փրկուիլ ու ապաստանիլ այլ երկիրներ, ինչպէս` Սուրիա, Լիբանան, ուր արդէն կազմուած էին հայ գաղութներ:

Լիբանանի մէջ շատ մը որբանոցներ իրենց դռները բացին այս որբերուն դիմաց:

Դանիացի միսիոնար Մարիա Ճէյքըպսըն գալով Լիբանան` կը զբաղի որբահաւաքով:

1922-ին Սայտայի մէջ կը հիմնէ որբուհիներու համար «Թռչնոց բոյն» որբանոցը, որ 1928-ին կը փոխադրուի Ժիպէյլ քաղաքը:

Ճէյքըպսըն կը փրկէ հազարաւոր որբեր, զանոնք կը խնամէ ու անոնց կու տայ հայեցի դաստիարակութիւն:

Այս պատճառով որբերուն կողմէ ան կ՛արժանանայ «Մամա» անուան: Որբանոցին ու որբերուն հանդէպ ունեցած իր անսահման սիրոյն համար Ճէյքըպսըն, ըստ իր ցանկութեան, կը թաղուի «Թռչնոց բոյն» որբանոցի բակին մէջ:

Այս որբանոցին մէջ դաստիարակուեցան բազմաթիւ սերունդներ, «Թռչնոց բոյն»-ը փրկեց հազարաւոր որբերու կեանքը` անոնց ապահովելով սնունդ, կրթութիւն, բժշկութիւն եւ ամէնէն կարեւորը` ընտանիք:

Այս վայրը պարզապէս որբանոց մը չէր, այլ` հազարաւոր որբերու ապաստան:

Անտէր որբերը ունեցան տէր ու տիրական, դադրեցան որբ ըլլալէ եւ կազմեցին մեծ ընտանիք մը:

«Թռչնոց բոյն»-ի պատերէն ներս հայ որբուկներուն տրուեցաւ ապրելու յոյսը:

«Թռչնոց բոյն»-ի կողքին հիմնուած է Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը, ուր ներկայացուած է Ցեղասպանութեան ամբողջ պատմութիւնը: Այս թանգարանը կը ներկայացնէ հայուն աննկուն կամքը` ապրելու եւ գոյատեւելու, սերունդներ կերտելու եւ մեր բռնագրաւուած հողերը պահանջելու:

Թանգարանի մուտք առաջնորդող ճամբուն վրայ կան ոտքերու հետքեր, որոնք կը ներկայացնեն «Թռչնոց բոյն»-ի որբերը: Գետինը զետեղուած են որբերու արձանները` նստած իրենց պնակներով, կը սպասեն մայր Մարիան, որպէսզի զիրենք կերակրէ:

Նաեւ Ճէյքըսպընի դագաղէն բարձրացած է մետաղեայ կերպար մը` ծածկած որբերուն արձանները, որ կը ներկայացնէ որբերուն պաշտպան Մարիայի ձեռքը:

Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը կը բաղկանայ 3 մասերէ: Առաջինին մէջ ներկայացուած է օսմանեան տիրապետութեան տակ գտնուող հայ ժողովուրդին իրավիճակը` Ա. Աշխարհամարտի նախօրեակին, ինչպէս նաեւ` Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին:

Երկրորդ բաժինը կը ներկայացնէ տարբեր կազմակերպութիւններու դերը, որոնք օգնեցին փրկելու եւ կեանքի յոյս ներշնչելու Ցեղասպանութենէն վերապրած որբերուն` Մերձաւոր Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ:

Իսկ երրորդ մասը կը ներկայացնէ որբերուն վերականգնումն ու Լիբանանի մէջ անոնց հաստատուելու հոլովոյթը: Այս բաժինին մէջ կը գտնուի նաեւ Մարիա Ճէյքըպսընի սենեակը, ուր ցուցադրուած են անոր սեղանը, աթոռը, ինչպէս նաեւ` որբերուն հետ ունեցած անոր նկարը:

«Թռչնոց բոյն»-ի ծիրէն ներս հայ որբուկները կը դաստիարակուին պայքարի ոգիով: Անոնք կը սորվին ըլլալ հայ, պահպանել իրենց հայութիւնը եւ կազմել հայ ընտանիքներ: Այս որբանոցին մէջ ապրած բազմաթիւ որբեր դարձան հայ մտաւորականներ եւ հիմնեցին շատ մը հայկական հաստատութիւններ:

Շնորհիւ այս որբերուն է, որ հայուն երթը մի՛շտ ալ պիտի շարունակուի:

Աշխարհի մէջ ամէնէն սարսափելի անձը այն է, որ այլեւս կորսնցնելիք բան չունի:

Այս որբերը կորսնցուցած են իրենց մայրը, հայրը, ընտանիքը, տունը եւ հայրենիքը:

Այլեւս ո՛չ մէկ բան կրնայ վախցնել զիրենք:

Թո՛ղ թուրքը միշտ ալ մնայ վախի մէջ ու չկարողանայ քնանալ: Իսկ եթէ փորձէ քնանալ, ան անկասկա՛ծ աչքերը բաց պիտի քնանայ:

 

 

Նախորդը

Վերածնունդ

Յաջորդը

«Երիտասարդներու Հետ Գործակցութիւնը Պէտք Է Ամրապնդուի» Շեշտեց Գ. Ալոզեան

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.