Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերածնունդ

April 28, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԵՐՍԷՍ ԱՊՐԻԼԵԱՆ

Ապրիլ ամիս է դարձեալ, հայոց պատմութեան մէջ արձանագրուած անմոռանալի ամիս մը, որուն յիշատակը վառ կը մնայ ամէն տարի: Կարելի չէ խօսիլ Հայոց ցեղասպանութեան մասին` առանց անդրադառնալու Ժիպէյլի Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին, ուր բազմաթիւ որբեր ճողոպրած Ցեղասպանութենէն` ապաստան գտան ու խնամուեցան միսիոնարուհի Մարիա Ճէյքըպսընի կողմէ:

1928-ին, երբ Ժիպէյլի մէջ փակուած է տղոց որբանոցը, «Թռչնոց բոյնը» տեղափոխուած է անոր տեղը, ուր Մարիա Ճէյքըպսըն փրկած, խնամած ու հայեցի դաստիարակութեամբ կրթած է հազարաւոր որբ-որբուհիներ եւ արժանացած ` «Մամա» կոչումին: Անոր շնորհիւ, որբուկներ մեծնալով ու զինուելով հայեցի կրթութեամբ ու դաստիարակութեամբ, դարձան մեր հայկական գաղութի, հաստատութիւններու եւ Հայ դատի հիմնական ու ազդեցիկ սիւները:

18 յուլիս 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին «Թռչնոց բոյն» որբանոցի ամենահին շէնքերէն մէկուն մէջ բացուած է Հայոց ցեղասպանութեան որբերու թանգարանը, որ նոյնպէս կը կրէ «Թռչնոց բոյն» անուանումը: Թանգարանին երեք բաժիններուն մէջ ներկայացուած են Հայոց ցեղասպանութեան, որբերու կեանքին եւ հայ ժողովուրդի վերածննդեան վերաբերող նկարներ, տեղեկութիւններ եւ իրեր: Այս թանգարանը եղած է հիմնական փաստերէն մէկը` ապացուցելու համայն աշխարհին Օսմանեան կայսրութեան ցեղասպանութիւնը հայերուն դէմ:

Թանգարանի առաջին բաժինին մէջ ճեղքուած, հսկայ ու մռայլ զանգակը ամենայատկանշելին է: Այս զանգն է, որ կը ներկայացնէ հայոց վիշտը, տառապանքը եւ բաժանումը տարբեր երկիրներու մէջ հայ շունչէ եւ շրջապատէ հեռու, օտար ազգերու մէջ: Այս զանգն է, որ կը ներկայացնէ համայն աշխարհի լռութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ` հայուն ձայնը, որ անհասանելի է համայն աշխարհին: Այս զանգակը ինծի համար ձեւով մը կը յիշեցնէ մեր այսօրուան ապրած կեանքը, երբ կրկին անգամ աշխարհը լուռ է ու չի խօսիր արդարութեան մասին, երբ կը վկայէ Արցախի շրջափակումը` նոյնինքն Ցեղասպանութիւն կազմակերպող ցեղի մը կողմէ: Միթէ տեղահանումն ու շրջափակումը ցեղասպանութեան նշան մը չէ՞, ցեղասպանութիւնն ալ մարդու իրաւունքներու դէմ չէ՞, ինչո՞ւ տակաւին լուռ է աշխարհը:

Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը վկայութեան թանգարան ըլլալու կողքին, յոյսի եւ վերապրումի թանգարան մըն է, որ կը ներկայացնէ հայու աննկուն կամքը, ապրելու եւ գոյատեւելու պայքարը: Որքան ալ ծանր ըլլան պայմանները, անպայման հայը կը գտնէ իր լուծումը:

Ներկայիս կ՛ապրինք բազմաթիւ եւ տարբեր տեսակի մարտահրաւէրներու դիմաց: Տակաւին կը տեսնենք Թուրքիոյ կեղտոտ ոտնձգութիւնները` շարունակելով շրջափակել Արցախը, վտանգելով խաղաղ հայ բնակչութեան կեանքը, արգիլելով սնունդը, խլելով հայ երեխաներէն ուսանելու իրաւունքը, ինչպէս նաեւ` տարբեր ձեւերով վնասել ծերերուն, կիներուն ու մանուկներուն: Մենք` իբրեւ հայ երիտասարդներ, օժտուած մեր հայրերու աշխատասիրութեամբ ու հայրենասիրութեամբ, պէտք չէ յանձնուինք այս ներկայ կացութեան դիմաց, այլ պայքարինք յանուն հայ ազգի ու հայրենիքի` չենթարկուելով ձուլումի եւ օտարամոլութեան, պահպանելով մեր գիրը, մշակոյթը, արհեստն ու արուեստը` սիրելով ու սիրցնելով զայն, ինչպէս նաեւ` պայքարելով այլասերման ու ապազգայնացման դէմ: Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին պատմութիւնը հոս չի վերջանար. այս թանգարանին շնորհիւ է, որ մեր պատմութիւնը կը շարունակուի: Թող որ այս թանգարանը ըլլայ համայն հայութեան վրէժխնդրութեան թանգարանը, հայոց Բ. Սարդարապատն ու «Նեմեսիս»-ի ոգիով լեցնող վայրը, որպէսզի սորվինք մեր անցեալի պատմութենէն, ամրապնդենք ներկան` կերտելու համար յաղթական ապագայ:

Սուգը յաւերժ է, երբ պայքարի ոգի չկայ: Այո՛, թէեւ դարը փոխուած է, ու անցած են 108 տարիներ` Հայոց ցեղասպանութենէն, բայց եւ այնպէս պայքարի նպատակը կը մնայ նոյնը: «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը պիտի մնայ հայ ժողովուրդին պայքարի ոգիով լեցնող ա՛յն վայրը, որուն ընդմէջէն նորանոր հայ վրիժառուներ պիտի ծնին շարունակելու համար նախնիներուն պայքարը, կեդրոնանալով միայն գերագոյն նպատակին` ազատ, անկախ, եւ միացեալ Հայաստանի կերտման տեսլականին վրայ:

 

 

Նախորդը

Մուսա Լերան 40 Օրերը

Յաջորդը

Անմահ Ազգ

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.