Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարանի Այցելութիւն` Լուսանկարներու Ընդմէջէն

April 28, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱԶ ԽՏԸՐԵԱՆ

8 ապրիլ 2023-ին, «Ազդակ» օրաթերթին կազմակերպութեամբ «Ապագայ լրագրող»-ներու ծրագիրին մասնակիցները այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան:

Թանգարանին մէջ անոնք ընդունուեցան թանգարանի ընդհանուր վարիչ եւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի ղեկավար Գրիգոր Ալոզեանի կողմէ:

Գ. Ալոզեան ներկայացուց թանգարանը, «Թռչնոց բոյն»-ը եւ թանգարանին հիմնադրութեան ու բովանդակութեան մանրամասնութիւնները:

Մեր այցելութիւնը կը սկսի Մարիա Ճէյքըպսընի շիրիմ այցելութեամբ (6 նոյեմբեր 1882 – 6 ապրիլ 1960), դանիացի քարոզիչ, որ ճանչցուած էր իբրեւ «Մայրիկ» կամ «Մամա»: Շնորհիւ իր մարդասիրական ջանքերուն եւ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ որբերը փրկելուն համար, Մարիա Ճէյքըպսըն դարձաւ «Թռչնոց բոյն»-ի տնօրէնուհի:

Ապա այցելութիւնը կը շարունակուի թանգարանին խորհրդանշական մուտքով, ուր մեր ձախին կը նկատենք խումբ մը հայ որբերու արձանիկներ: Որբերը նստած են, եւ անոնց դիմաց կան պնակներ, իսկ անոնց մարմինները բացութիւններ կը կրէին: Այդ բացութիւնները կը խորհրդանշէին անոնց հոգեկան բացը, որ բարելաւուելու համար տարիներու գուրգուրանքի կը կարօտէր:

Թանգարանի այցելութեան առաջին բաժինը կը սկսի արծարծելով Հայոց ցեղասպանութեան թեման, ցուցադրելով հայ ընտանիքներուն, հայ մտաւորականներուն, հայ որբերուն նկարներն ու տեսերիզները:

Մեր ձախին կը նկատենք քարտէս մը, որ կը  նշէ այն երկիրները, ուր տեղահանուած եւ բռնագաղթի ենթարկուած հայ ժողովուրդը հասած էր ջարդերուն ընթացքին:

Սրահին մէջտեղը, առաստաղէն կախուած է հսկայ, մութ ու ճեղքուած զանգ մը, որ կը ներկայացնէ Ցեղասպանութենէն ետք աշխարհի չորս կողմերուն մէջ ցիրուցան եղած հայ ժողովուրդը:

Ան կը խորհրդանշէ նաեւ քրիստոնէութիւնը, որովհետեւ Հայաստանը քրիստոնէութիւնը իբրեւ պաշտօնական կրօն ընդունած առաջին պետութիւնն է, եւ հայ ժողովուրդը իր կրօնը յաջողեցաւ պահել Ցեղասպանութեան ընթացքին:

Աշխարհը լուռ չի մնար. տաղանդաւոր անձեր կը փաստեն, որ իրենք կը քաջալերեն հայը` թուրքին դէմ մղած անոր պայքարին առումով: Օրինակի համար, այս երգիծանկարին մէջ ֆրանսացի մը անուղղակիօրէն Թուրքիան յանցաւոր կը նկատէ Հայոց ցեղասպանութիւնը գործադրելուն համար:

Թանգարանի երկրորդ բաժինի այցելութեան ընթացքին կը վկայենք որբերն ու անոնց հետքերը:

Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին մեծ թիւով հայեր տարագրուեցան Հայաստանէն: Տարագիր հայերը հասան Սուրիա, Լիբանան, ուր կը գտնուէին որբանոցներ:

Որբանոցներուն մէջ հայ որբերը սորվեցան լեզուներ, արհեստներ եւ արուեստներ:

Որբերը իրենց հետքերը ձգած են որբանոցներուն մէջ, այդ հետքերն են` անոնց աշխատանքները, ձեռագործները, նկարներն ու գրութիւնները:

Թանգարան այցելութիւնը կ՛աւարտի հայ ժողովուրդի վերածնունդին նուիրուած բաժինով մը:

Որբանոցներուն մէջ իրենց սորված գիտելիքներով այս որբերը կրցան իրենց կեանքը շարունակել, իրենց ընտանիքներն ու տուները հիմնել, եկեղեցիներ, ակումբներ եւ դպրոցներ շինել ու միութիւններ հիմնել, այն աստիճան, որ Լիբանանի մէջ հայութեան թիւը աճ արձանագրեց եւ դարձաւ աշխուժ ու կենսունակ գաղութ:

Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան այցելութիւնը շատ տպաւորիչ էր,      որովհետեւ այս որբերը կը խորհրդանշեն հայ ժողովուրդին վերածնունդն ու գաղութներու կազմութիւնը, այլ խօսքով` հայ ժողովուրդի գոյատեւումը:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Ընդունած Է Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Հայաստանի Հետ Բարեկամութեան Խումբի Նախագահը

Յաջորդը

«Թանգարանները Ունին Անցեալ, Անոնց Ներկան Մեզմով Է, Իսկ Ուղղած Պատգամը` Ապագային» Հաստատեց Գրիգոր Ալոզեան

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Անդարձ Տարիներ, Սքանչելի Վերյիշումներ (ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» Մասնաճիւղի 50-Ամեակին Առիթով)

October 19, 2026
Երբ Ծիծաղը Կը Լեցնէ Թատերասրահը… Թատրոնի Յաջողութիւ՞ն, Թէ՞ Հանդիսատեսի Ճաշակի Հարց
Անդրադարձ

Երբ Ծիծաղը Կը Լեցնէ Թատերասրահը… Թատրոնի Յաջողութիւ՞ն, Թէ՞ Հանդիսատեսի Ճաշակի Հարց

October 19, 2026
Աշակերտներու Փափուկ Հմտութիւնները Արհեստական Բանականութեան Դարաշրջան
Անդրադարձ

Աշակերտներու Փափուկ Հմտութիւնները Արհեստական Բանականութեան Դարաշրջան

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.