Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 87 տարեկան հասակին մահացաւ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Վանիկ Զաքարեան, որ պաշտօնավարած է 1994-էն 2004:
Նշենք, որ ան եղած է նաեւ Հայաստանի ճատրակի կրկնակի ախոյեան:
Ան տիրացած է բազմաթիւ մետալներու, որոնց կարգին` Մովսէս Խորենացիի, Անանիա Շիրակացիի, ինչպէս նաեւ «Հայրենիքին համար մատուցած ծառայութիւններու» առաջին աստիճանի մետալին (2011-ին):


