Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրեզնոյի Հայ Բժշկական Առաքելութիւնը` ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնին Մէջ

April 20, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը 27 մարտ 2023-ին հիւրընկալեց Ֆրեզնոյէն ժամանած Հայ բժշկական առաքելութիւնը` նախագահութեամբ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի:

Ֆրեզնոյի Հայ բժշկական առաքելութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տարիներ շարունակ իր մատուցած բժշկական խնամքին ու անշահախնդիր նուիրումին զուգահեռ, մարտ 2022-ին այցելած էր Լիբանան եւ իր բարոյական թէ նիւթական աջակցութիւնը ցուցաբերած` գաղութի հայորդիներուն: Շարունակելով այդ գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը` պատուիրակութիւնը այս տարի եւս անվճար կերպով  պիտի խնամէր կեդրոն ներկայացող պարագաները եւ ի պահանջել հարկին նաեւ դեղորայք տրամադրել անոնց:

Տեղին է յիշատակել, որ այս նախաձեռնութիւնը կը վայելէր Հայկական երեսփոխանական գրասենեակին հովանաւորութիւնը եւ կազմակերպուած էր համագործակցութեամբ Հայ բժշկական առաքելութեան եւ կեդրոնին:

27 մարտէն մինչեւ 4 ապրիլ երկարող ժամանակաշրջանը «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնին համար եղաւ յատկանշական` շնորհիւ Ֆրեզնոյի հայ բժիշկներուն, որոնք կեդրոնի ցարդ մատուցած ծառայութիւններուն տուին յաւելեալ փայլք ու հմայք: Հեռաւոր Ֆրեզնոյէն Լիբանան ժամանած  հմուտ բժիշկներ` ներքին հիւանդութիւններու, մանկաբուժ, ատամնաբուժ, վիրաբուժ եւ միզային անցքերու մասնագէտներ, բժշկական խնամք մատուցեցին 338 անհատներու:

«Մենք եկած ենք ծառայելու» խօսքը գործի վերածելով` Ֆրեզնոյէն ժամանած բժիշկները ժպտադէմ, անվարան կերպով եւ մեծ համբերութեամբ ընդունեցին իրենց դիմողները, հոգատարութիւն ցուցաբերեցին անոնց եւ որպէս արդիւնք` կեդրոնէն ներս կարելի եղաւ կատարել 57 մանր վիրահատութիւններ, 243 անհատներու մատուցել ֆիզիքական, տարրալուծարանային, շողանկարումի սպասարկութիւն եւ 38 անհատներու` ատամնաբուժական խնամք:

Մատուցուած ծառայութիւններուն կողքին, այս տարի, պատուիրակութեան մէջ ակներեւ էր երկու երեւոյթ:

Առաջինը այն է, որ երկու տարբեր մասնագիտութիւններու բժիշկներուն` ներքին հիւանդութեանց մասնագէտին եւ ատամնաբուժին, կ’ընկերակցէին անոնց դուստրերը, որոնք իրենց հայրերուն կողքին լսեցին հիւանդներուն դիմագրաւած առողջական հարցերը, կատարեցին ախտաճանաչումներ եւ թելադրանքներ: Ազգի զաւակներուն աջակցելու եզակի եւ իւրայատուկ փոխանցում բժիշկ հօրմէ մը` իր բժիշկ զաւակին:

Իսկ երկրորդը այն է, որ բժշկական անձնակազմին մաս կը կազմէին հայ եւ օտար բժիշկներ: Բժշկական մարդասիրական ծառայութիւնը իր բնոյթով խտրականութիւն չի ճանչնար: Անոր լաւագոյն օրինակն էր հայ եւ օտար մասնագէտներուն միատեղ ծառայութիւնը կեդրոնի բոլոր պարագաներուն անխտիր:

Աւելի՛ն. շնորհիւ Ֆրեզնոյէն հայ բարերարուհի Գլարա Մարկոսեանի նուիրատուութեան եւ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոսին հովանաւորութեամբ, կարելի եղաւ կեդրոնը օժտել ելեկտրածին նոր շարժակով մը եւ արեւային վահանակներով:

Լիբանանեան այս տագնապալի օրերուն Ֆրեզնոյի Հայ բժշկական առաքելութեան Լիբանան կատարած երկրորդ այցը ապացոյց մըն է, որ լիբանանահայութիւնը առանձին ու անպաշտպան չէ, եւ որ` սփիւռքի քոյր գաղութի մը զաւակները կը տագնապին Լիբանանով, կը զօրակցին լիբանանահայութեան, կը բաժնեն այս գաղութին հոգերը, կեդրոնին կը ցանկան լաւագոյնն ու արդիականը ու դեռ աւելին` իրենց ներկայութեամբ  կու գան երաշխաւորելու  կեդրոնի մարդասիրական աշխատանքին շարունակականութիւնը:

Արդարեւ, այսպիսի կարեւոր նախաձեռնութիւններ արժանի են բարձր գնահատանքի եւ յիշատակութեան:

Վա՛րձքը կատար Ֆրեզնոյի Հայ բժշկական առաքելութեան, Ֆրեզնոյի հայ գաղութին եւ այս մարդասիրական ծրագիրին ետին կանգնած բոլոր անհատներուն:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ ԼՕԽ-Ի «ԱՐԱՔՍԻ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ»
ԸՆԿԵՐԱԲԺՇԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ

 

 

Նախորդը

Թուրքիա Նացիական Գերմանիայէն Թունաւոր Կազ Գնած Է 1938-ին` Քիւրտ Ալեւիներն ու Հայերը Սպաննելու Համար

Յաջորդը

Աշակերտական Գեղարուեստական Երեկոյ` «Մենք Ենք Մեր Արցախի Գարունը»

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.